ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի ու իրաւապահ մարմիններու միջազգային բիւրօն (INL)` հրապարակած է Հայաստանին եւ անոր արդարադատութեան ոլորտին վերաբերող համառօտ զեկոյց:
Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Իր անկախութենէն ի վեր Հայաստանը ձգտած է հաւասարակշռելու իր յարաբերութիւնները տարածաշրջանին հետ եւ աւելի սերտ համարկուելու եւրոպական եւ եւրատլանտեան կառոյցներուն` որպէս խորհրդային հիմնարկներու եւ գործելակերպի մնացած ժառանգութիւնը յաղթահարելու միջոց: 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին լայնածաւալ բողոքի ցոյցերը, որոնք յայտնի էին որպէս «թաւշեայ յեղափոխութիւն», իշխանութեան բերին նոր կառավարութիւն` բացայայտ հակափտածութեան մանտաթով եւ քրէական արդարադատութեան համակարգը բարելաւելու մեծ ցանկութեամբ` ի տարբերութիւն նախկին փտած, Ռուսիոյ ազդեցութեան տակ գտնուող օլիկարխիկ վարչակարգին: Հայաստանը յառաջընթաց կ’արձանագրէ օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներ սկսելու գործին մէջ` INL-ի աջակցութեամբ, ներառեալ ոստիկանութեան բարեփոխումները, փտածութեան դէմ պայքարը, ֆինանսական յանցաւորութեան դէմ պայքարը եւ մարդու իրաւունքներոգ պաշտպանութեան վրայ շեշտադրումը: Այնուամենայնիւ, զգալի հաստատութենական խնդիրներ կան: Տակաւին շատ քիչ դատաւորներ կան, հինցած օրէնքները քննիչներուն սահմանափակ գործիքներ կը տրամադրեն կուռ գործեր ստեղծելու համար, իսկ կազմակերպութիւնները կը մնան տեղական եւ չեն փափաքիր պաշտպանել սեփական միջոցները»:
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ. «INL-ը կը ձգտի աջակցելու Հայաստանին իր քրէական արդարադատութեան ոլորտին մէջ հաստատութենական փտածութեան դէմ պայքարի գործին մէջ` նոր հակափտածութեան հիմնարկներու համար ամուր հիմքեր ստեղծելու, հայ իրաւապահ մարմինները աշխուժացնելու` միջազգային լաւագոյն փորձին համապատասխանելու եւ ծառայութեան վրայ հիմնուած ոստիկանութեան նոր ձեւաչափ կիրառելու եւ գործիքներ ստեղծելու միջոցով պահպանելու թափանցիկ եւ հաշուետու կազմակերպչական կառոյցներ»: