«Քորոնա» ժահրի նոր «Օմիքրոն» տարբերակը նուազ վտանգ կը ներկայացնէ, քան նախորդ տեսակները: Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի ղեկավար Մայք Ռայան:
Վերջինս ընդգծած է, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը արդիւնաւէտութիւն կը դրսեւորէ ներկայիս յայտնի բոլոր տարբերակներուն դէմ:
«Նախնական տուեալները չեն վկայեր, որ անիկա կ’ուղեկցուի հիւանդութեան ծանր ընթացքով: Իրականութեան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, հակառակն է, առաւել նուազ վտանգաւորութեան աստիճանի մասին կը խօսուի», ըսած է Ռայանը` խօսելով «Օմիքրոն»-ի մասին:
Յիշեցնենք, որ «Օմիքրոն» տարբերակը յայտնաբերուած է Ափրիկէի հարաւային երկիրներուն մէջ եւ արդէն տարածուած է քանի մը տասնեակ այլ պետութիւններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը այս տարբերակը կոչած է յունական այբուբենի 15-րդ տառով: