Արցախէն 14 թոն օգնութիւն ուղարկուած է Ուքրանիա

Ռուսական կողմը Արցախէն Ուքրանիա մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան կառավարման ազգային կեդրոնի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Միզինցեւը:

Անոր համաձայն, Արցախէն 14 թոն ընդհանուր ծաւալով առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ տեղափոխուած են Քիեւի եւ Զափորոժիէի մարզերու բնակիչներուն:

Բացի ատկէ, ըստ զօրավարին, ռուսական կողմը Սուրիայէն շուրջ 50 թոն սննդամթերք տեղափոխած է Ուքրանիա:

Աւելի ուշ, «Սփութնիք Արմենիա», յղում կատարելով Արցախի տեղեկատուական շտապին, հաղորդեց, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ` Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով Ուքրանիոյ Քիեւի եւ Զափորոժիէի շրջաններու բնակիչներուն 14 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է` տեղական արտադրութեան առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու տեսքով: