2021 թուականի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Քաղաքացիական ակտերու գրանցման ոլորտին մէջ կատարուած է 5212 ակտային գրանցում, 9311 գործողութիւն, մասնաւորապէս՝ ուղղումներ, տեղեկանքներու եւ կրկնօրինակներու տրամադրում։
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 31-ին կայացած ամփոփիչ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԱՀ Արդարադատութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան: Անոր խօսքով՝ 2021 թուականի ցուցանիշները համեմատուած են ե՛ւ 2019 թուականի, ե՛ւ 2020 թուականի ցուցանիշներուն հետ, քանի որ 2020 թուականը բացասական առումով աննախադէպ տարի էր Արցախի համար։
«Անցեալ տարուան ընթացքին գրանցուած է 1555 ծնունդ, որ 2020 թուականի ցուցանիշէն պակաս է 113-ով, իսկ 2019 թուականէն՝ 576-ով։ Ծնածներուն ընդհանուր թիւէն 680-ը արական, իսկ 875-ը՝ իգական սեռի ներկայացուցիչներ են։ Ակտային գրանցումներու ուսումնասիրութենէն կ՝երեւի, որ տղոց պարագային ամենատարածուած անուններն են Դաւիթը, Նարեկը եւ Տիգրանը, իսկ աղջիկներու պարագային՝ Նարէն, Մարիան եւ Մանէն։
Տարուան ընթացքին մահերու թիւը կազմած է 1350, որ 2020-ի ցուցանիշէն պակաս է 179-ով, իսկ 2019-ի ցուցանիշը կը գերազանցէ 195-ով։ Մահացած քաղաքացիներէն 569-ը կը հանդիսանան արական, իսկ 781-ը՝ իգական սեռի ներկայացուցիչներ, ի դէպ` տասնմէկը, դժբախտաբար, մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ են։
Ամուսնութիւններուն թիւը կազմած է 1314, որ 2020-ի ցուցանիշը գերազանցած է 1149-ով, իսկ 2019-ինը՝ 478-ով. մենք ամուսնութիւններու թիւի բաւականին մեծ աճ ունինք` նախորդ երկու տարիներուն համեմատ։ Գրանցուած 1314 ամուսնութիւններէն քսանը օտարերկրեայ քաղաքացիի հետ է. 14-ը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիի, երեքը՝ Ուքրանիոյ, մէկը՝ Թուրքմենստանի, մէկը՝ Հնդկաստանի, մէկը՝ Լուգանսկի ժողովրդավարական հանրապետութեան»,- ներկայացուցած է Ժ. Միրզոյեանը։