ԳՀԽ-ը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Բերձորի միջանցքի արգելափակման 100-րդ օրուայ վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի արգելափակման 100-րդ օրուան վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

«Խոր ցաւով կ’արձանագրենք, որ արդէն 100-րդ օրն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, հայատեաց քաղաքականութեան սաստկացող դրսեւորումներով, արգելափակուած կը պահեն Արցախը Հայաստանի հետ կապող Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը:

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան հանդէպ պարբերաբար իրականացուող ֆիզիքական ու հոգեբանական ճնշումները, բռնութիւններն ու ահաբեկչական գործողութիւնները առաւել կը խորացնեն մարդկայնական աղէտալի իրավիճակը: Հակառակ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ անձնակազմին ներդրած ջանքերուն՝ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն յանցաւոր գործողութիւններուն հետեւանքով կ’ոտնահարուին մարդոց՝ երեխաներու, կանանց եւ ծերերու կեանքի, բուժում ստանալու, տեղաշարժի եւ հիմնարար միւս իրաւունքները:

Բարձր կը գնահատենք ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանին որոշումը Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի արգելափակումը վերացնելուն վերաբերեալ: Կ’ողջունենք Եւրոխորհրդարանի վեհաժողովին կոչը, որմով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը յորդորուին կեանքի կոչելու ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանին որոշումը:

Տարակուսանք կ’արտայայտենք, որ հակառակ միջազգային հանրութեան, վերջինիս իրաւասու եւ ազդեցիկ կառոյցներուն կողմէ ճանապարհը բանալու վերաբերեալ կտրական պահանջներուն՝ առ այսօր արգելափակումը կը շարունակուի:

Կը յորդորենք ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոմիութեան պատկան կառոյցները, պետութիւններու ղեկավարներն ու կրօնական առաջնորդները հետեւողական ջանքերով հասնելու Ատրպէյճանի կողմէ Միջազգային դատարանի վճիռի կատարման, ցեղասպանական գործողութիւններու դատապարտման եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգ ու բնականոն կեանքի ապահովման:

Ատրպէյճանի կողմէ Միջազգային դատարանի որոշման հանդէպ բացայայտ անյարգալից նման մօտեցման հանդուրժումը պիտի սաստկացնէ մարդկայնական ճգնաժամը, նոր վտանգներ պիտի ստեղծէ Արցախի աւելի քան 120,000 բնակչութեան կեանքին համար, պիտի ստեղծէ միջազգային դատական ատեաններուն վճիռները կոպտօրէն շրջանցելու աններելի նախադէպ, միաժամանակ խոր յուսախաբութիւն յառաջացնելով միջազգային արդարադատութեան նկատմամբ:

Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, առաջնահերթութիւն ունենալով մարդկային կեանքերու փրկութիւնն ու անվտանգութիւնը, հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը՝ անկախութիւն յանուն փրկութեան ու անվտանգութեան սկզբունքով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: