Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու հանրահաւաքին ներկայացուած եզրափակիչ բանաձեւը յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան

Երեքշաբթի՝ 5 Ապրիլ 2022-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու հրաւիրած հանրահաւաքը՝ «Պաշտպանելով Արցախը՝ պաշտպանենք Հայաստանը» կարգախօսով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու կազմակերպած հանրահաւաքի ընթացքին ներկայացուեցաւ եզրափակիչ բանաձեւ յայտարարութիւն, որով ընդդիմութիւնը կը սահմանէ «ազգային օրակարգի հիմնարար սկզբունքները, կարմիր գծերը եւ համաժողովրդական պահանջի էութիւնը»՝ որպէս իր պայքարի ուղենիշ:

Յայտարարութիւնը ընթերցեց ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանը:

«Յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան հրաւիրուած հանրահաւաքի մասնակիցներս, անկախ մեր գաղափարաբանական եւ քաղաքական տարբերութիւններէն, վճռականօրէն կը մերժենք թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին կողմէն պարտադրուող օրակարգերը։ Խաղաղութեան նախադրեալներ ստեղծելու համար Ատրպէյճանը պէտք է վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, պատանդները, այլ պահուող անձեր, ազատազրկման դատապարտուածները, իր զօրքերը հեռացնէ ինչպէս Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, այնպէս ալ Արցախի տարածքին մէջ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի դրութեամբ դիրքերէն:

Մենք՝ հանրահաւաքի մասնակիցներս, կը յայտարարենք, որ կ՝առաջնորդուինք հետեւեալ հիմնարար սկզբունքներով.

– հաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւորն է՝ բոլոր բաղադրիչներով,

– բացառել  Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ,

– բացառել առանց Հայաստանի հետ յուսալի ցամաքային կապի Արցախի անկլաւային վիճակը,

– քայլեր ձեռնարկել 1994 թ. ԵԱՀԿ գագաթնաժողովի որոշմամբ ամրագրուած ձեւաչափով եւ նպատակներով բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղութեամբ,

– բացառել Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաշուին հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անուան տակ միջանցքներու տրամադրումը,

– Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ բացառել ցանկացած միջպետական պայմանագրի ստորագրում եւ սահմանազատման ու սահմանագծման ցանկացած գործընթաց,

– չստորագրել Ատրպէյճանի հետ որեւէ պայմանագիր, որ պիտի խափանէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի՝ առանց սահմանափակումներու իրացումը,

– Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ բացառել որեւէ համաձայնութիւն, որ հարցականի տակ պիտի դնէ հայ ժողովուրդի հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կրողը ըլլալու իրաւունքը։

Այս սկզբունքները կը բխին հայ ժողովուրդի կենսական շահերէն, ուստի ցանկացած իշխանութիւն պարտաւոր է առաջնորդուելու այս օրակարգով եւ ապահովելու անոր իրականացումը։ Այս օրակարգի առաջադրումը չի նշանակեր պատերազմ, այլ՝ հայ ժողովուրդի կենսական շահերու հաշուառումով իրական, արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն։

Ներկայացուած սկզբունքներու չիրագործումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ համաժողովրդական օրինական հակազդեցութեան բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ եղանակներով։

Սոյն յայտարարութիւնը բաց է ներկայացուած օրակարգը կիսող անհատներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու համար:

 

Ազատութեան հրապարակ

05 Ապրիլի, 2022 թուական»։