Ընտրուեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահները

Ազգային ժողովի փոխնախագահներ ընտրուեցան Էդուարդ Շարմազանով, Արփինէ Յովհաննիսեան ու Միքայէլ Մելքումեան:

Մայիս 19-ին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած փակ գաղտնի քուէարկութեամբ` Հանրապետական Էդուարդ Շարմազանովը ստացաւ 84 ձայն: Արդարադատութեան նախկին նախարար, Հանրապետական պատգամաւոր Արփինէ Յովհաննիսեանի օգտին քուէարկեց 73 պատգամաւոր: «Ծառուկեան» խմբակցութենէն առաջադրուած Միքայէլ Մելքումեան ստացաւ 65 ձայն: 105 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցաւ 100 պատգամաւոր: