Թաներ Աքչամ կը զօրակցի Արցախի մէջ ապրող հայերուն

Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ մտահոգութիւն յայտնած է Արցախը աշխարհին կապող միակ ճամբուն` Բերձորի միջանցքի փակման եւ ատոր հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին նկատմամբ: Այս մասին՝ «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Աքչամ 6 Յունուարին իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է.

«Հայերը կը նշեն Ս. Ծնունդը: Բոլոր հայ բարեկամներս կը շնորհաւորեմ Ս. Ծննդեան օրուան առիթով: Թող այս տօնը բոլորիս բերէ երջանկութիւն, խաղաղութիւն եւ լաւ օրեր:

Կ’ուզեմ աւելցնել, որ մեր սրտերն ու զգացումները Ղարաբաղի մէջ հայերու հետ են իրենց շատ դժուար օրերուն:

Աւելի քան 120.000 մարդ կը գտնուին ատրպէյճանական պաշարման մէջ` իրենց ապագային վերաբերեալ անորոշութեան պայմաններու մէջ: Եւ աշխարհը, ցաւօք, աչք կը փակէ այն բոլորին վրայ, ինչ որ կը կատարուի ճիշդ մեր աչքին առջեւ»: