Հայաստանի հաւաքականի նախկին շախմատիստ, գրոսմայստըր Լեւոն Արոնեան Facebook-ի իր էջին կատարած գրառումով մեկնաբանած է իր յաղթանակը Tata Steel India Blitz մրցաշարին։
«Իմ սիրելի ընկերներ եւ աջակիցներ,
Ես անչափ ուրախ եմ, որ յաջող հանդէս եկայ Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ եւ կրցայ յաղթել կայծակնային ճատրակի մրցաշարին: Այս պահուն, ինչպէս աշխարհի իւրաքանչիւր հայ, իմ մտքերը իմ երկրի հետ են, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ այն օրուան, երբ իմ ազգը պիտի կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ, վերակառուցել եւ վերախմբաւորել այն ամէնը, ինչ մենք կը գնահատենք:
Ես կ՝ուզեմ իմ յաղթանակը նուիրել Հայաստանին, իմ բոլոր հայրենակիցներուն, անոնց, որոնք ինկան մարտի դաշտին մէջ Արցախի ու Հայաստանի համար, եւ անոնց, որոնք ապրեցան ու կը պայքարին մեր ազգի համար։ Իմ յաղթանակը կը նուիրեմ մեր բոլոր հերոսներուն եւ մեր քաջարի քոյրերուն ու մայրերուն։
Քանի դեռ մենք կը հաւատանք եւ ամուր կանգնած ենք մեր ոտքերուն վրայ, մենք անմահ ենք»,- գրած է Լեւոն Արոնեան: