ՀՀ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Հինգշաբթի՝ 17 Փետրուար 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձ կատարելով երկրի անվտանգային հարցերուն ըսաւ.«Մեր սեփական բանակը այսօր ի վիճակի չէ ինքուրոյն պաշտպանել Հայաստանի սահմաններն ու անվտանգութիւնը»։

Անոր խօսքին համաձայն, պատերազմէն վերջ գրեթէ ոչինչ կատարուած է բանակի մարտունակութիւնն ու սպառազինութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ։

«Անցած տարուան Նոյեմբերին Սիսիանի դէպքերը անոր վառ ապացոյցն են, իսկ վերջին 400-500 տոլարանոց լրտեսներու մասին հաղորդագրութիւնը կը խօսի զինեալ ուժերու բարոյահոգեբանական վիճակին մասին», ըսաւ ՀՀ երկրորդ նախագահը։

Ան նկատեց, որ ԶՈւ-ին պիւտճէով յատկացուած միջոցները յոյս չեն ներշնչեր, որ այս կշռոյթով կարելի ինչ-որ բան փոխել։

«Կառավարութիւնը խնդրին բաւարար ուշադրութիւն չէ դարձուցած, տպաւորութիւնը այնպիսին է, որ այս իշխանութեան մարտունակ բանակ պէտք չէ։ Նոյնիսկ երբ դատախազներու թոշակները կ’աւելցնեն, կը մոռնան, որ կան սպաներ, որոնց խրախուսելը շատ աւելի կարեւոր է Հայաստանի համար», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով անվտանգութեան յաջորդ բաղադրիչին՝ ՀԱՊԿ-ին, Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ՝ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները, բացի Ռուսիայէն, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ ունին շատ աւելի ջերմ ու ծաւալուն յարաբերութիւններ բոլոր ոլորտներու մէջ։ Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքին համաձայն, աւելին, այդ երկիրներու ղեկավարները անձնական շփումներու մակարդակով շատ աւելի մտերիմ են Ատրպէյճանի նախագահին հետ։

«Հետեւաբար, մտածել, որ ՀԱՊԿ-ը որեւէ ձեւով կրնայ արձագանգել մեր վրայ յարձակումին պիտի ըլլար միամտութիւն։ Ատիկա բացառուած է։ Խօսքն այն մասին չէ, որ ՀԱՊԿ-ը մեռած կառոյց է, անիկա լաւ կ’աշխատի հոն, ուր բոլորին շահերը կը համընկնին։ Աշխատեցաւ Ղազախիստանի պարագային», ըսաւ ան։

Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքով, այս փաստին հետ պէտք է հաշիւի նստիլ։

«Մնա՞լ ՀԱՊԿ-ի մէջ, թէ՞ չմնալ։ Անշուշտ, մնալ։ Առաջինը չկայ այնպիսի կառոյց, որ կը փոխարինէ ՀԱՊԿ-ին, երկրորդը՝ այդ կազմակերպութեան մէջ կան բազմաթիւ պայմանագիրներ, որ մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ ռազմաճարտարագիտական ոլորտի մէջ, որոշ չափով կը կարգաւորուի», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

ՀՀ երկրորդ նախագահի խօսքով, անվտանգութեան երրորդ բաղադրիչը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններն են։

«Այսօր միայն այդ գործօնն է մեր անվտանգութեան երաշխիքը։ Սա գործող հանգամանք է, բայց պատերազմը հոս վեր հանեց որոշ հարցեր՝ Ռուսիոյ հետ սահմանի բացակայութիւնը ցոյց տուաւ օժանդակութեան որոշ սահմաններ։ Մինչ այդ օր պատասխան չկայ, թէ ինչու Վրաստանի օդային տարածքը փակ էր զինուորական բեռնափոխադրումներու համար։ Հայաստանի իշխանութիւնները նկատառա՞ծ էին, թէ՞ իրենց համար ալ անակնկալ էր։ Մինչ այսօր չկայ պատասխան, թէ ինչու պատերազմի առաջին երկու շաբթուան ընթացքին
Իրանի օդային տարածքը եւս փակ էր։ Այս գործօնը շեշտակի ազդեցութիւն ունեցան պատերազմի արդիւնքներուն վրայ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ան նկատել տուաւ որ, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները այս ամէնը չէին նկատի առած, այլ մեղադրանք է, իսկ եթէ նկատառած էին ու 2020-ի ամրան Տաւուշի մէջ գացած էին «հարցը հրահրելուն», ապա ուրիշ մեղադրանք է կրնայ յառաջացնել այս իշխանութիւններուն նկատմամբ։

«Եթէ այս բաղադրիչները միասին նայինք, ապա պատկերը տխուր է։ Ես չեմ տեսներ քայլեր, որոնք կը փորձեն փոխել պատկերը, նուազեցնել մարտահրաւէրները։ Նման քայլեր ուղղակի չկան», ըսաւ ան։

Պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին Հայաստանի համար ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երկու տարբերակ հաւանական կը համարէ։

Ըստ անոր, կամ պէտք է զէրոյէն ստեղծել ռազմաարդիւնաբերական նոր բարդոյթ, որը կարելի է ընել միայն Ռուսիոյ օգնութեամբ, կամ պէտք է ընդունի թուրք-ատրպէյճանական սպառնալիքը իբրեւ անյաղթահարելի գործօն եւ ենթարկուի անոր։

«Գիտէ՞ք, Թուրքիան պիտի դադրի մեզի դիտելէ իբրեւ իր ծրագիրներու խոչընդոտ միայն մէկ պարագային, եթէ ունենայ ընդհանուր ազդեցութիւն մեր քաղաքական գործընթացներուն վրայ։ Սա կ’ենթադրէ, որ Թուրքիան գերիշխող դիրքեր պէտք է ունենայ մեր տնտեսութեան մէջ, լիարժէք ազդեցութիւն ունենայ մեր քաղաքական հիմքին վրայ։ Ե՞րբ կարելի է։ Երբ ռուսական ազդեցութիւնը դադրի, փոխարինուի թրքական ազդեցութեամբ։ Սա կարելի է նաեւ այն պարագային, երբ Հայաստանը հրաժարի Ղարաբաղէն ընդհանրապէս։ Այս քաղաքականութիւնը անկասկած աջակցութիւն պիտի ունենայ ԱՄՆ-ի կողմէն, քանի որ ԱՄՆ-ի ու Ռուսիոյ միջեւ առկայ է հակամարտութիւն, իսկ ատիկա թոյլ կու տայ տարածաշրջանէն հեռացնել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

ՀՀ երկրորդ նախագահն ահազանգում է՝ համադրելով այսօր առկայ գործընթացները, որոնք ինքը տեսնում է, Հայաստան ընտրած է երկրորդ ճամբան։

Երբեք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումին դէմ չեմ եղած, ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան՝ անդրադառնալով հարցումին՝ այս պահուն կողմ չէ՞ք Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման։

Պատասխանելով հարցումին՝ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն ըսած է, որ մեր տարածաշրջանին միութիւնները առհասարակ փրկութիւն են եւ կը կարծէ, որ Հայաստան երթալու տեղ չունի ու պիտի միանայ միութեան, երբ այդ ընտրութեան առջեւ ըլլանք, ի՞նչը կ’ըլլայ ճիշդ որոշումը՝ միանա՞լ միութենական պետութեան, թէ՞ ոչ։ Երկրորդ նախագահը պատասխանեց․ «Մենք պէտք է նկատի առնենք, ոչ թէ պէտք է ըսենք, որ կը մտնենք այս միութեան մէջ, այլ պէտք է հասկնանք՝ մեր մտնելը ի՞նչ պիտի նշանակէ մեզի համար, մտնելէն յետոյ հինգ, ապա տասը տարուան տեւողութեամբ մենք ո՞ւր պիտի հասնինք, ի՞նչ պիտի ստանանք։ Եթէ այդ հարցերուն պատասխանները չըլլայ, ուղղակի ըսենք՝ կը մտնենք, ինծի համար այսպիսի մուտքը, այդպիսի քայլը պետութեան կողմէն անհասկնալի պիտի ըլլայ»։

Ռուս-ուքրանական զինուորական բախումներու վտանգ կը տեսնեմ։ Եթէ երկու կողմէն 100-էն 150 հազար զօրք կը կուտակուի, միշտ կայ բախումներու վտանգ։ Միշտ կայ վտանգ, որ տեղական ընդհարումէն կրնայ աւելի մեծ բարդոյթ սկսիլ, ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան, անդրադառնալով ռուս-ուքրանական լարուած յարաբերութիւններուն։

Երկրորդ նախագահին խօսքով, ՀՀ դիւանագիտական հարթակին կողմէն անհրաժեշտ է դիւանագիտական վարպետութիւն։

Ինչո՞ւ է ընդդիմութիւնը պասիվ՝ փողոցային կամ ռադիկալ պայքարի տեսանկիւնից։ Լրագրողի հարցադրմանն ի պատասխան ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ըսաւ․

«Գործօն զանգուածը կ’ուզէ որ որոշ բան փոխուի երկրին մէջ, սա ոգեւորիչ է, սակայն՝ վատ է, որ կը սպասեն, թէ միայն ընդդիմութիւնը պէտք է ընէ՝ առանց իրենց մասնակցութեան եւ ժողովուրդի աշխուժ ներգրաւումով։ Ուրախ եմ, որ միշտ նման հարց կը տրուի, որովհետեւ կը ստիպէ մեզ, կը ստիպէ ընդդիմութեան ճամբաներ գտնել, բայց մենք պէտք է նաեւ իրատես ըլլանք՝ հասկնալու համար, թէ՝ որքանով այդ վիճակը հասունցած է, նաեւ կը տեսնենք, որ գործընթացը կ’երթայ դէպի անոր։ Վերջին հարցումները ցոյց կու տան, որ այս իշխանութեան նկատմամբ ծայրայեղ վատ վերաբերմունք ունեցողներուն թիւը շեշտակիօրէն աճած է եւ շեշտակիօրէն կը գերազանցէ՝ այս իշխանութեան գործնականապէս աջակցող զանգուածին։ Հիմա ի՞նչ գործընթաց կ’ընթանայ Հայաստանի մէջ։

Կ’ըսեն, որ ընդդիմութեան վարկանիշը կ’իյնայ, այո՛ կ’իյնայ , բայց՝ մեզմէ հիասթափուողը այս իշխանութեան ջատագովը պիտի չդառնայ, եւ մեզմէ հիասթափուած են անոնք, որոնք կը սպասեն աւելի նորարար քայլեր։ Սա կը նշանակէ մէկ բան, որ, ընդհանրապէս, ընդդիմադիր զանգուածը չի նուազիր, հակառակը՝ կ’աճի։ Իմ արժեւորումովս տակաւին չէ հասունցած այն վիճակը, որով մենք պիտի կրնանք մեծ զանգուածներ փողոց հանել։ Իսկապէս պէտք է մեծ զանգուած, մենք չենք ուզեր հիասթափեցնել մեր կողմնակիցները, որովհետեւ յետոյ մեզի պիտի մեղադրեն, պիտի ըսեն՝ դուք էք առաջնորդները, ինչու՞ ճիշդ նկատառում չէք ընէր։ Միշտ յաղթանակը շատ տէր ունի, պարտութիւնը անտէր կը մնայ։ Առանց փողոցի այս իշխանութիւնը չ’ընթանար, չեմ կարծեր որեւէ մէկը կը հաւատայ, թէ օր մը խղճի զգացում կ’ունենան, ներողութիւն պիտի խնդրեն ժողովուրդէն, պիտի ըսեն մենք ձախողեցուցինք ամէն ինչ, բայց պիտի չըլլայ։ Ուրեմն պէտք է բաւարար զանգուած, որ պէտք է դուրս գայ փողոց եւ այդ փողոցը պէտք չէ ըլլայ իմ կամ որեւէ մէկուն մասին, այդ փողոցը պէտք է ըլլայ իշխանութիւնը հեռացնելու մասին։ Սպասուելիք փողոցային պայքարը պէտք է ըլլայ այս իշխանութեան հեռացնելու մասին։ Այսօր Երեւանի մէջ 42 տոկոսը ծայրայեղ դժգոհ են այս իշխանութենէն, որ ռումբ է այս իշխանութեան համար», ըսաւ նախագահը։