Մեծ Հայքի քարտէզը թրքական ԶԼՄ-ներու մօտ բնորոշուած է իբրեւ «աղմկայարոյց» եւ «սադրիչ»

Վերջերս, Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները կը գրեն Երեւանի մեթրոյի՝ «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանին փակցուած Մեծ Հայքի քարտէզի թարմացման եւ արդէն իսկ led պաստառով ցուցադրման մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ հրապարակումներուն հիմքը այդ մասին Պեռլինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղաեւի Twitter-ի մէջ կատարած գրառումն է, ուր կը նշուի, թէ քարտէզին մէջ, իբր թէ, կ’արտայայտուին «Հայաստանի բոլոր տարածքային պահանջները` ուղղուած իր հարեւաններուն»։

Թրքական տարբեր ԶԼՄ-ներու հրապարակումներուն մէջ պատմական Մեծ Հայքի քարտէզը բնորոշուած է իբրեւ «աղմկայարոյց» եւ «սադրիչ»։