Սերժ Սարգսեանի վերջին հանդիպումը հանրային խորհուրդին հետ` նախագահի կարգավիճակով

Ուրբաթ՝ 23 Մարտ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Ընդլայնուած կազմով հանդիպումին, խորհուրդի անդամներէն բացի, ներկայ եղած են  խորհրդակցական այդ մարմինի ոլորտային յանձնախումբերու, ենթայանձնախումբերու եւ տարածքային կառոյցներու  ներկայացուցիչներ:

Նկատի առնելով, որ յառաջիկային կը լրանայ Հանրային խորհուրդի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի` սահմանադրութեամբ նախատեսուած լիազօրութիւններու ժամանակաշրջանները, եւ այդ առումով ասիկա նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին հանդիպումն է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան ներկայացուցած է անցեալ տարիներուն իր գլխաւորած կառոյցի գործունէութիւնը: Հանդիպումին մասնակիցները հանրապետութեան նախագահին նաեւ ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ առկայ խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղուած առաջարկները:

Իր խօսքին մէջ Վազգէն Մանուկեան կարեւոր նկատած է հանրապետութեան մէջ հասարակական-քաղաքական երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով նախագահի հրամանագիրով 2008-ին Հանրային խորհուրդի ստեղծումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահին` այդպիսով քաղաքական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու, քաղաքացիական հասարակութիւնը յուզող խնդիրները բարձրացնելու, մասնագիտական տեսանկիւնէն քննարկելու եւ լուծումներ առաջարկելու կարելիութեան  համար: Հանրային խորհուրդի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Սահմանադրութեան նոր փոփոխութիւններու արդիւնքով, ինչպէս նաեւ օրէնքով սահմանուած կարգով նոր Հանրային խորհուրդի կազմաւորումով կարելի կ՛ըլլայ ներկայիս խորհուրդի անցած ճամբան եւ  փորձառութիւնը հաշուի առնելով` աւելի մեծ արդիւնքներու հասնիլ Հայաստանի ընդհանուր վիճակի բարելաւման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման գործին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հանրային խորհուրդի հետ հանդիպումները, որոնք նախորդ տարիներուն քիչ չեն եղած, եւ նշած, որ անոնք շատ օգտակար են ու լաւ առիթներ են բաց, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ քննարկելու երկրին մէջ եղած խնդիրները, տեսակէտներ, կարծիքներ յայտնելու եւ բանավիճելու: Նախագահ Սարգսեանը կարեւոր նկատած է խորհուրդի գրեթէ 10-ամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անցած տասը տարիներուն կատարուած աշխատանքին համար: