««Սիւնիք» օդակայանի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքներու ծիրէն ներս մեկնարկած է նաեւ օդակայանի շէնքի կառուցման գործընթացը»,-ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոբերտ Հայրապետեան:
Ան տեղադրած է շէնքի նախագիծի լուսանկարները:
Յիշեցնենք, նախապէս Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան նշած էր, որ կարեւոր է աշխատանքներու արագութիւնը, բայց առաւել կարեւոր է որակը:
«Սիւնիքի մարզկեդրոնի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դարձնենք 40 վայրկեան»,-ըսած էր Յակոբեան օդակայանի կառուցման առիթով իրականացուած ֆլեշմոպի տեսանիւթին մէջ:
Օդակայանի վերակառուցման աշխատանքները մեկնարկած են այս տարուան Մարտին:
Այս առիթով PanARMENIAN.Net-ը զրուցած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սահակ Յակոբեանի հետ, որ նշած է․ «Օդակայանի շէնքը պիտի ունենայ մօտ 900 մ2 մակերես: Կը նախատեսուի, որ շէնքին մէջ ժամը 100 ուղեւոր սպասարկուի: Ան պիտի համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշներուն: Նոյն շէնքին մէջ պիտի գործէ նաեւ օդանաւներու navigation կեդրոնը: Աշխատանքները կը ծրագրենք աւարտել մինչեւ 2018-ի առաջին կիսամեակի աւարտը»։
Մարզպետի խորհրդականը նշած է, որ օդակայանը կը ծրագրեն շահագործման յանձնել մինչեւ 2018-ի կէսերը: Օդակայանի շէնքի կառուցման նախագիծին հեղինակը «Տրանսնախագիծ» ընկերութիւնն է: