Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ Յունիս 1-ին տեղի ունեցաւ ConiFA-2019 (Անկախ ֆութպոլային միութիւններու ընկերակցութիւն) Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը. ախոյենութեան կարգախօսն է «Բաց դռներ, ամուր դարպասներ»:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` բացման արարողութեան ներկայացուած է երաժշտական համադրութիւն, ուր միահիւսուած ներկայացուած է Արցախի մշակոյթը իր ողջ ներկապնակով. հորովել, փողային եւ հարուածային գործիքներ, թմբկահարներ, երգի եւ պարի համոյթներ, մանկական երգչախումբ, տարազներու ցուցադրութիւն, Արցախի այաներ եւ այլն:
Ախոյեանութեան մասնակից Աբխազիոյ, Արցախի,Արեւմտեան Հայաստանի,Հարաւային Օսիայի,Չամերիայի,Սապմիի, Սեկէյի Լանտի, Պատանիայի մարզիկները յաջորդականութեամբ մտած են մարզադաշ` պտոյտ կատարելով վազքուղով:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, նշելով, որ Արցախի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ նշանակալի իրադարձութիւն:
«Արցախ ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ հիւրեր, որոնց շարքին նաեւ` պետական այրեր: Կ՛ուզեմ ողջունել եղբայրական Հարաւային Օսեթիայի Հանարապետութեան նախագահ Անաթոլի Պիպլովին, ConiFA նախագահ Փեր Անտրես-Պլինտին, «Ֆութպոլային անկախ ընկերակցութիւններու Եւրոպայի միութեան» նախագահ Ալպերթօ Ռիկեոյին եւ նշած, որ մեզի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել ձեզ արցախեան հողի վրայ: Նման մարզական միջզգային միջոցառում մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ: Յոյսով եմ, որ ե՛ւ մարզիկները, ե՛ւ ֆութպոլասէրները բաւականութիւն կը ստանան խաղերէն: Մարզանքը, յատկապէս ֆութպոլը, այն բացառիկ բնագաւառներէն է, որ պէտք է միաւորեն ժողովուրդներն ու մարդիկ, ամրապնդեն անոնց միջեւ բարեկամութիւն եւ փոխադարձ յարգանք, նպաստեն կապերու հաստատմանը եւ այլն: Մարզանք սահմաններ չի ճանչնար եւ սահմանափակումներ, խտրականութիւն եւ երկակի չափանիշներ: Ան խաղաղութեան խորհրդանիշ է, ուր պայքարը արդար է, եւ կը յաղթէ ան, որ լաւ պատրաստուած է․․․»,-մասնաւորապէս ըսած է նախագահը:
Ելոյթով հանդէս եկած է ConiFA-ի նախագահ Փեր Անտրես-Պլինդը: Անոր խօսքով` իրենց համար մեծ պատիւ է բոլորին հետ միասին այսօր Արցախի մէջ ներկայացնել ConiFA-2019 թուականի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
«Այսօր… մենք կը ներկայացնենք տարբեր երկիրներ, որոնք ժառանգած են տարբեր մշակոյթներ, անցած պատմական տարբեր ուղիներ, այդուհանդերձ այս ախոյեանութիւնը մեզ համախմբած է մէկ յարկի տակ` որպէս իւրայատուկ դեսպաններ հանդէս գալու եւ աշխարհին ներկայացնելու մեր ժողովրդները, ցոյց տալու, որ, անկախ բոլոր հանգամանքներէն, անկախ մեր ծագումէն մենք կրնանք ստեղծել կենսատեւ բարեկամութիւն եւ կրնանք սերմանել փոխադարձ յարգանք: ConiFA-ն կը ձգտի հասնիլ խաղաղութեան, ըլլալ աւելի հանդուրժող, աւելի բարեհաճ աշխարհի հանդէպ․․», ըսած է ան ընդգծելով՝ արտերկրէն ժամանած լրագրողները խաղերը մեկնաբանելու ատեն անպայման կը կիսուին Արցախի մասին տպաւորութիւններով՝ նշելով որ ան հիասքանչ է:
Համերգային ծրագրի ընթացքին երգերով հանդէս եկան հայ եւ սպանացի կատարողներ:
Բացման հանֆիսութեան ներկայ եղան Արցախի առաջին տիկինԱնահիտ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Հարաւային Օսիայի նախագահ Անաթոլի Պիպիլով, պետական պաշտօնեաներ, շարք մը երկիրներէ ժամանած հիւրեր, լրագրողներ, ֆութպոլասէրներ:
Հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցած հրավառութիւն: