Սիրելիներ,
Մուտք կը գործենք Մեծ Պահքի շրջան։ Այս ժամանակամիջոցը քրիստոնեայի կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան է սրբութեան ու կատարելութեան աստուածապատուէր ճանապարհին: Պահքի մէջ աղօթական խոկումներով, ինքնաքննութեամբ ու երկնային շնորհներու հայցով զօրութիւն կը ստանանք ի կատար ածելու Քրիստոսի յորդորն ու պատգամը. «Արդ, կատարեա՛լ եղէք դուք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն է կատարեալ» (Մատթ. 5.48): Կատարելութեան ուղին կը սկզբնաւորէ զղջումով ու ապաշխարութեամբ, որոնցմով կը սրբագրուին միտքի, խօսքի եւ գործի սխալներն ու սայթաքումները։ Յատկապէս այս խորհրդաւոր շրջանին մէջ, աւետարանական առակի օրինակով (Ղուկ. 15.11-32) առ Երկնաւոր Հայրը դառնալով, կը խնդրենք Տիրոջմէ գթութեամբ ներել մեր մեղքերը, մաքուր սիրտ հաստատել մեր մէջ։ Կը հայցենք լուսաւորել մեր միտքը, ամրացնել մեր կամքը՝ ընթանալու տէրունաւանդ պատուիրաններով։
Պահեցողութեան այս շրջանին մէջ Հայրապետիս յորդորն է ու պատգամը՝ միմեանց հանդէպ ըլլալ առաւել հոգատար, ազնիւ ու յարգալից, բարութիւնն ու սէրը դարձնել հիմը փոխյարաբերութիւններուն եւ ամուր պահել նուիրումն ու հաւատարմութիւնը առ Աստուած, ազգն ու հայրենին։ Մեր օրերուն, երբ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը վիրաւոր են մեզ պատուհասած պատերազմի արհաւիրքներէն, աղօթական կեանքով Աստուծոյ հետ մշտական երկխօսութեան մէջ լինենք, զերծ մնանք ամեն չար ու վատ մտածումէ ու գործէ՝ միասնաբար նորոգելու համար հայրենական ու ազգային մեր կեանքը, դիմագրաւելու մեր դէմ յառնած նեղութիւնները եւ մեր հարազատ երկիրը՝ Հայաստանն ու Արցախը դարձնելու «յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք»։
Աղօթենք, որ Ամենակալն Աստուած Իր ողորմութիւնն ու պահպանութիւնը տարածէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին վրայ, պարգեւէ անվտանգ ու բարօր կեանք եւ խաղաղութեան մէջ պահէ մեր երկիրը։ Թող Փրկիչ մեր Տէրը ընդունէ մեր սիրտերուն խնդրանքներն ու հայցը, արժանի դարձնէ Իր կենսատու եւ փրկարար շնորհներուն եւ զօրացնէ ամենքս՝ Մեծ Պահքի միջոցով հասնելու յուսառատ Սուրբ Յարութեան տօնին։
«Շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն յԱստուծոյ ի Հօրէ եւ ի Տեառնէ Յիսուսէ Քրիստոսէ Որդւոյն Հօր, ճշմարտութեամբ եւ սիրով եղիցին ընդ ձեզ» (Բ Հովհ. 3), այսօր եւ միշտ. ամեն: