Arkia օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան կողմէն ստացած է արտօնութիւն` Թել Աւիվ-Երեւան-Թել Աւիվ երթուղիով կանոնաւոր չուերթներ իրականացնելու համար:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութենէն:
Չուերթները պիտի սկսին Մայիս 16-ին: Շաբաթական պիտի իրականացուի մէկ չուերթ յաճախականութեամբ` իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի: