Ատրպէյճանը 2023-ին որքա՞ն գումար վճարած է Հայաստանի տարածքով թռիչքներու համար

2023-ի ընթացքին ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով իրականացուող թռիչքներուն համար Հայաէրոնաւիգացիոն ընկերութեան վճարած են 79,940 եւրօ։ Այս մասին,
ըսուած է Հայաստանի Քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէին NEWS.am-ի գրաւոր հարցման իբրեւ պատասխան։

Վճարումը կատարուած է «Եւրակոնտրոլ» կազմակերպութեան կեդրոնական գրասենեակին միջոցով՝ սահմանուած կարգով։

Նշենք, որ «Հայաէրոնաւիգացիա» ՓԲԸ-ն օդանաւիգացիոն ծառայութիւններ կը մատուցանէ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով թռիչքներու համար։

«Եւրակոնտրոլ»-ը օդային նաւարկութեան անվտանգութեան եւրոպական կազմակերպութիւնն է:

Յիշեցնենք, որ Մայիսի վերջի դրութեամբ վճարման գումարը կը կազմէր 40 հազար եւրոյէն քիչ մը պակաս։