Աւստրալական ABC-ն պատմած է սուրիահայ արծաթագործին մասին

Աւստրալական ABC-ն պատմած է Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Աւստրալիա գաղթած հայ ոսկերիչին մասին:

Աւետիք Պայրամեանը արծաթագործութեամբ կը զբաղէր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Արծաթագործութիւնը Պայրամեան ընտանիքին արհեստն է՝ իրենց մեծ պապէն սկսեալ։ 14 տարեկանէն Պայրամեանը աշխատած է իր հօրեղբօր արհեստանոցին մէջ: 2002 թուականին Հալէպի մէջ ան իր անձնական խանութը բացած էր, որ, սակայն, ոչնչացուած էր պատերազմի ժամանակ: Աւոյին ընտանիքը Պէյրութ տեղափոխուած էր, այնտեղէն ալ՝ Աւստրալիա:

Աւստրալիոյ մէջ Աւետիս յաջողած է գտնել իր երազանքի աշխատանքը: Այժմ  ան կ՛աշխատի Աւստրալիոյ մէջ արծաթէ իրերու արտադրութեան վերջին աւանդական արհեստանոցին մէջ: W.J. Sanders արհեստանոցը հիմնադրուած է բրիտանացի գաղթականի մը կողմէ 1911 թուականին: Անոր սեփականատէրը Տենիս տէ Մուտը գնահատած է Աւետիքին արհեստն ու անոր աշխատանքի ընդունած։ «Աւոյին աշխատանքները ուղղակի հիանալի են: Ան նոր հմտութիւններ կը ներմուծէ: Մենք մէկ նոր եւ երկու աւագ աշակերտ ունինք: Շատ կարեւոր է, որ գործը զարգանայ եւ Աւոյին նման մարդիկ սորվեցնեն երիտասարդներու», – նշած է արհեստանոցի սեփականատէրը:

Արհեստանոցի պատուերներէն մէկը Աւստրալիոյ թենիսի յաջորդ բաց ախոյեանութեան գաւաթն է:

«Չէք պատկերացներ, թէ որքան դժուար էր ձգել մեր ողջ կեանքը ու գալ այստեղ աշխատանք փնտռելու: Բայց եթէ մարդ կը սիրէ իր աշխատանքը, ապա ջանասիրաբար կ՛աշխատի եւ յաջողութեան կը հասնի»,- նշած է Պայրամեան։

Անոր հինգ տարեկան դուստրը` Լուրտը, արդէն սկսած է հետաքրքրուի ընտանեկան գործով։ «Ես կը տեսնեմ, որ ան ձեւաւորման տաղանդ ունի: Սա առաջին բանն է, որ անհրաժեշտ է այս գործին մէջ»,- նշած է Աւետիսը:

 

 

PHOTO: (ABC News: Elena De Bruijne)

PHOTO: (ABC News: Ursula Malone)