Ապրիլ 4-ին` մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առթիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ «Հայկական կարիտաս» բարեսիրական ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Եւրոմիութեան ֆինանսաւորմամբ, Կարիտաս Աւստրիոյ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Կարապի լճին հարող տարածքին մէջ բացուեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Ցուցահանդէս գործած է Ապրիլ 4-ին եւ 5-ին, ժամը` 10:00-19:00-ը միջեւ:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթը, ծրագիրներու բաժինի պատասխանատու Նուէր Սարգսեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» եւ «Հայկական կարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Կարեւոր համարելով բարեգործական ցուցահանդէսներու կազմակերպումը` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց, որ տարիէ տարի կ’աւելնայ մասնակիցներու թիւը, կը հարստանայ տեսականին, եւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառները կը դառնան մեր հայրենակիցներու ընդելուզման խորհրդանիշ: