Եգիպտահայ գործարար, Wassef Group-ի սեփականատէր Ճոզէֆ Ուասեֆ մտադիր է Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւն հիմնել: Այդ մասին գործարարը ըսած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի հետ հանդիպման ժամանակ: Ընկերութիւնը Եգիպտոսի բամբակի եւ բամբակեայ գործուածքներու առաջատար արտահանողներէն ու արտադրողներէն մէկն է:
Ճոզէֆ Ուասեֆ նախարարին յայտնած է, որ կը ցանկայ Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնել թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Ներդրողը նշած է, որ իրենց ընկերութիւններու շղթան մասնագիտացած է արտադրութեան բոլոր փուլերու մէջ` հիւսուածքեղէնի ներմուծում, պտտող, թուային եւ կտորային տպագրութիւն, ասեղնագործութիւն, ձեւաւորում, կար եւ փաթեթաւորում: Ընկերութիւնը արտադրանք կը մատակարարէ համաշխարհային յայտնի ապրանքանիշային ընկերութիւններու:
Նախարարը ներդրողին հետ քննարկած է Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւն հիմնելու հնարաւորութիւնները, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներդրողներու համար սահմանուած աջակցութեան գործիքակազմը, արտահանման հնարաւորութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւններ:
Ճոզէֆ Ուասեֆի խօսքով` հայաստանեան աշխատուժը աշխարհի մէջ լաւագոյններէն է եւ հայ մասնագէտները իրենց գործի գիտակն են, որ աւելի կը հեշտացնէ իրենց գործունէութիւնը: Ներդրողը նշած է, որ կրնան 1000-է աւելի աշխատատեղ ստեղծել:
Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, նախարարութեան աջակցութեամբ գործարարը պիտի սկսի նախնապատրաստական աշխատանքները եւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները, կը յայտնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: