Համագործակցութեան առաջարկ գործարարներուն

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կը դիմէ գործարարներուն եւ հետաքրքրուած անձերու՝ ներկայացնելու առաջարկներ գործարար միջավայրի բարելաւման համար։

Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման 2018-ի ձեռնարկներու ծրագիրով նախատեսուած է, որ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան կից պէտք է ձեւաւորուի բարեփոխումներուն աջակցելու նպատակով պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ոլորտային խումբ։

Խումբին հիմնական ուղղութիւնները պիտի ըլլան գործարար միջավայրի բարելաւման եւ ընկերակցական կառավարման սկզբունքներու կիրառութեան հարցերը։

Նկատի առնելով նշուածը, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կը դիմէ բոլոր գործարարներուն եւ հետաքրքրուած անձերուն՝ գործարար միջավայրի բարելաւման եւ ոլորտին մէջ բարեփոխումներու իրականացման համար ներկայացնելու առաջարկներ, որոնք հնարաւորինս պիտի դիւրացնեն գործարարութեամբ զբաղիլը Հայաստանի մէջ։

Հաւաքագրուած տեղեկատւութեան առնչութեամբ պիտի կազմակերպուին միասնական քննարկումներ՝ լաւագոյն լուծումներ գտնելու նպատակով։

Ձեր առաջարկներն ու դիտողութիւնները կրնաք ներկայացնել տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Գործարար եւ ներդրումային միջավայրի զարգացման քաղաքականութեան վարչութիւն՝ ել․ փոսթ lvahramyan@mineconomy.am, հեռախօս (+374 11) 597 133։