Հայաստանի մէջ՝ տարուան առաջին երկու ամիսներուն տնտեսական աշխուժութիւն արձանագրուած է  

Լրագրող Սեդա Հերգնեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱԻԾ) տուեալները վկայակոչելով՝  կը հաղորդէ,  որ այս տարուան Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ 8.6 տոկոսով աճած է:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն կազմած է 254.7 միլիառ  դրամ, որ ըստ ԱՎԾի՝ 8.3 տոկոսով կը գերազանցէ 2017-ի նոյն ամիսներու ցուցանիշը:

Գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի ծաւալը կազմած է 45.3 միլիառ դրամ՝ նուազելով 0.1 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը հանրապետութեան մէջ Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն կազմած է 21.6 միլիառ դրամ, աճը՝ 22.7 տոկոս:

Առեւտուրի շրջանառութիւնը երկրէն ներս կազմած է 359 միլառ դրամ, որ 2017-ի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն հետ համեմատած՝ աճած է 17.4 տոկոսով:

Ծառայութիւններու ծաւալը եղած է 225.7 միլիառ դրամ, աճը՝ 15.1 տոկոս: