Յարութիւն Դերձակեան
Վալէնտա ընտանիքը աւելի քան 100 տարի առաջ առաջին անգամ ըլլալով կրկէսը հիմնած էր Ամերիկա Միացեալ Նահանգներէ ներս։ Այդ ընտանիքի 7-րդ սերունդէն 41 տարեկան թռչող լարախաղաց Նիք Վալէնտա 2012-ին առաջին անձն էր որ աշխարհի նշանաւոր ջրվէժը հանդիսացող Նիակարայի ամենալայն մասէն սկսելով, Ամերիկայի ցամաքամասէն Գանատա անցաւ օդին մէջ պրկուած մետաղալարի վրայ քալելով։ 2013-ին Վալէնտա աշխարհի հրաշալիքներէն Արիզոնա Կրան Քէնիոնի Փոքր Գոլորատա գետի կիրճի վրայ նոյն ձեւով մէկ ափէն միւսը քալեց։ 2014-ին Շիքակոյի գետի վրայ երկու երկնաքեր շէնքերու միջեւ պրկուած մետաղալարին 15 աստիճան բարձրութիւն տալով քալած էր։ Իսկ անցեալ տարի Նիւ Եորքի նշանաւոր Թայմս հրապարակի վրայ, փողոցէն 25 յարկաբաժնի բարձրութիւն ունեցող երկու շէնքերու միջեւ պրկուած մետաղալարի վրայ իր քրոջ հետ քալելով նոր մրցանիշ մը հաստատեց
Նիք Վալէնտայի վերջին փորձը կատարուեցաւ 4 Մարտ 2020 Չորեքշաբթի երեկոյ։ ԱՄՆ ի յայտնի հեռատեսիլի կայաններէն ABC երկու ժամ տեւողութեամբ այս ձեռնարկը համայն աշխարհին սփռեց կենդանի, հաղորդումով, որ սկսաւ արեւելեան ժամով ժամը 8։00-ին։
Միջին Ամերիկայի երկիրներէն Նիքարակուայի մէջ ներկայիս գործօն աշխարհի վտանգաւոր Մասայա հրաբուխի լաւայի լիճին վերեւ մօտաւորապէս 300 մեթր բարձրութեան վրայ, 548 մեթր երկարութեամբ եւ 2.5 սանթիմ հաստութեամբ պրկուած մետաղալարը որ Վալէնտայի ամենաբարձր, ամենաերկար եւ նոյքան ալ ամենավտանգաւոր փորձն էր որ կատարեց։ Մասայա հրաբուխի խառնարանը միակն էր որ վերածուած էր լաւայի լիճի։ Հրաբուխի լաւաներուն եռացող սաստիկ ջերմութիւնը, որ աւելի քան 1100 սանթիկրաթ աստիճան է, հոնկէ արձակուած թունաւոր կազերը եւ օդին մէջ ժայթքող հալած լաւաները մեծ արգելքներ էին Նիք վալէնտայի համար, բայց ան որոշած էր ինչ պայմաններ ալ որ ըլլան անպայման քաջաբար պիտի կատարէր իր փորձը։ Մասայա հրաբուխը մոլորակի ութ լաւա լիճերէն մէկն է, որ 30 տարուայ ընթացքին 13 անգամ ժայթքած է։
Նիք Վալէնտան պրկուած պարանի վրայ տակաւին չեր քալած, իրեն պէս լարախաղաց կինը Էրէնտիրա աշխարհի վտանգաւոր Մասայա հրաբուխի լաւայի լիճին վրայ կարճ ցուցադրութիւն մը ըրաւ։
Այնուհետեւ Նիք Վալէնտան ընտանեկան պարագաներուն հետ աղօթք կատարելէ եւ ողջագուրուելէ ետք թունաւոր կազերէ պաշտպանուելու նպատակով կազի դիմակը եւ ակնոցը գլխուն անցուց եւ ապահովութեան բարակ պարանը կռնակը կապելէ յետոյ ճամբայ ելաւ։ Երբեմն լաւաներու շոգիներէն տեսողութիւնը կը տկարանար եւ դժուարութիւն կ’ունենար մետաղալարի վրայ քալելու, մինչ այդ քալած ժամանակ մասնաւորաբար իր հօր հետ շփման մէջ էր։ Վերջապէս այս վտանգաւոր ճամբորդութիւնը 31 վայրկեանէն յաջողութեամբ աւարտեց ու ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ, սահմանելով նոր մրցանիշ մը եւս։ Ապա Վալէնտան հարցազրոյց մը ունեցաւ լրագրողներու հետ։