Մայիս ամսուայ Եգիպտոս այցելութիւնս իմ մէջ արթնցուց երիտասարդութեանս ապրած յիշատակները:
Անշուշտ այս ճամբորդութիւնը վերջինն էր իմ ծննդավայրի յաճախակի այցելութիւններէն:
Պատանի ու երիտասարդ տարիքիս կը մասնակցէի Գահիրէի արուարձանին՝ Հելիօպոլիսի մէջ գտնուող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մարզական շարժումներուն:
Այսպէս՝ այդ մարզական օրերը կ’անցնէինք Հ.Մ.Ը.Մ. Նուպար ակումբին մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ. Նուպարը մեզի կու տար ոչ միայն մարզանք, ընկերային հաւաք այլ եւ հայեցի մթնոլորտ եւ դաստիարակութիւն:
Այդ ընդարձակ հողատարածքը նուիրուած էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր Նուպար Փաշայի կողմէ, որ մի բաժինն էր Փաշայի պալատին ու հողաշերտին:
Տեղին է յիշել, որ Փաշայի պալատ բնակարանը մինչեւ օրս գոյութիւն ունի կը պահպանուի եգիպտական կառավարութեան կողմէ:
Այս պատմական հատուածէն յետոյ, կ’ուզեմ ընթերցողներուն իրազեկ դարձնել գէթ իսկ ինձ համար նոր յայտնութեան մը:
Հ.Մ.Ը.Մ. Նուպար ակումբին մօտ կը գտնուի Baron Empain-ի հնդկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած պալատը:
1960-ական թուականներուն եւ մինչեւ վերջերս այդ կալուածը մնացած էր անտէր ու անպաշտպան:
Ամայութեան մէջ 1911-ին կառուցուած այդ պալատը հիմն եղաւ Հելիօպոլիս արուարձանի ստեղծման պելճիքացի Edouard Louis Joseph կամ պրն. Ամբէնը՝ կոչուող ճարտարագէտ, շինարար, ներդրող եւ visionaire անհատի ձեռամբ, որ ունեցած էր քաղաքի հիմնաքարը դնելու Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ եւ հանրակարգը հասցնելու այդ ամայի տարածքներուն, ուր այժմ միլիոնաւոր բնակչութիւն ունի Հելիօպոլիսը, որուն մէջ կամ մօտակայքը կ’ապրին Գահիրէաբնակ հայութեան մեծամասնութիւնը:
Մեր մանկութեան օրերուն այսպէս կ’ըսէին մեզի. «Այդ պալատէն հեռու պէտք էր մնալ, որովհետեւ հոն կ’ապրին ոգիներ ու վհուկներ»: Եւ այդպէս անտէր ու բնութեան աւերներուն ձգուած էր այդ ճարտարագիտական գլուխ գործոցի ճակատագիրը:
Ի վերջոյ, եգիպտական կառավարութիւնը խելքի գալով ու տեսնելով այդ հոյակապ կառոյցի գեղեցկութիւնը, փափաքեցաւ զայն վերակառուցել ու վերադարձնել անցեալի իր գեղեցկութեան, սակայն չափազանց մեծածախս նորոգութիւններէ ետք (6 միլոն ԱՄՆ տոլար), ահա զայն հանրութեան առջեւ դռները բացաւ 2019 աւարտին:
Գեղեցիկ պատեհութիւնը ունեցայ այդ հոյակապ կառոյցը այցելելու ու ականատես եղայ 1911-ին կառուցուած այդ հոյակապ շինութեան:
Շէնքին ու յարակից գեղեցիկ պարտէզին մէջ զետեղուած էր ինքնաշարժներ, Ամբէնի ու Փաշայի առաջին հանրակարգներէ նմուշներ ինչպէս նաեւ պատմական նկարներ եւ իրեր:
Ուշադրութիւնս գրաւեց մի հսկայ պաստառ որուն վրայ աչքառու կերպով կ’երեւէր Պօղոս Նուպար Փաշայի գրութիւնն ու Փաշայի հսկայ նկարը: Նկարին ներքեւ գրուած էր Փաշայի կենսագրականն ու Եգիպտոսի ու հայութեան համար Փաշայի կատարած իրագործումները: Նկարագրականին մէջ աչքառու կերպով շեշտուած է իր կատարած ու հայութեան հանդէպ Փաշայի նուիրուածութիւնը արտայայտող գրութիւնը:
Իսկապէս մեծ հպարտութեամբ վայելեցի հայ բարերարին հանդէպ Եգիպտոսի ցուցաբերած յարգանքը:
Անոնք որոնք Եգիպտոս պիտի այցելեն, անպայման առիթը թող ստեղծեն այցելելու Պրն. Ամբէնի պալատ թանգարանը, վստահ որ շատ գոհ պիտի մնան: