Արմէն Ամիրեան. «Չափազանց կարեւոր է սփիւռքի պահանջներու եւ պետական կարիքներու ուսումնասիրութիւնը»

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան` նշանակուած օրէն՝ հանդէս կու գայ գրասէր հասարակութիւնը ոգեւորող շարք մը նախագիծերով: Բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Նոյեմբեր 22-ին ստորագրած են համաձայնագիր մը` Փելեշեանի «Իմ աշխարհը եւ դաշտի միասնական տեսութիւնը» գիրքին հրատարակութեան շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ Wnews.am-ը։

«Ժամանակակից գրականութեան հարցին մէջ վերանայած ենք պետական քաղաքականութիւնը: Յառաջիկային աջակցութիւնը պիտի նպատակաուղղենք հեղինակներու հանրահռչակման ծրագրերուն: Նաեւ յատուկ դրամաշնորհներ պիտի տրամադրենք հայ ժամանակակից գրողներու թարգմանութիւնները հրատարակող օտարերկրեայ հրատարակիչներուն:

Չափազանց կարեւոր է շուկայի ուսումնասիրութիւնը, որ պէտք է պարզէ ներքին, արտաքին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի պահանջները եւ պետական կարիքները: Այդ ուսումնասիրութիւնը պէտք է ծառայէ ե′ւ մշակոյթի նախարարութեան, ե′ւ մասնաւոր հրատարակիչներուն` առաւել ճիշդ կողմնորոշուելու գրահրատարակչական շուկային մէջ: Ատիկա նաեւ պիտի օգնէ տաղանդաւոր հեղինակներուն, ներառեալ` երիտասարդ:

Ինչ կը վերաբերի պետական պատուէրով հրատարակութիւններուն, ուստի, կ՝երկրորդենք Ձեզ, որ ժամանակակից երիտասարդ տաղանդաւոր գրողները՝ միւսներուն հետ՝ նաեւ 100 տոկոս պետական աջակցութեամբ՝ հնարաւորութիւն պիտի ունենան տպագրելու իրենց գիրքերը, որոնք մեր գրադարաններուն միջոցով պիտի բաժնենք հանրապետութեան բոլոր գրադարաններուն, ՀՀ դեսպանատուներուն, Սփիւռքի հայկական կառոյցներուն, մշակութային կեդրոններուն, դպրոցներուն: Պիտի կազմակերպենք շնորհանդէսներ, հեռուստառատիոհաղորդումներ, ժամանակակից գրողներու գրական մրցանակաբաշխութիւն եւ այլն:

Գրահրատարակչական գործառոյթին մէջ աւելցուցած ենք սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց համար գիրքերու հրատարակութիւնը, մասնաւորապէս` կոյրերու»,- նշած է նախարարը: