Ըստ UNICEF-ի կողմէ հաստատուած եւ հրապարակուած տուեալներուն՝ Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի ծննդատան մէջ, աշխարհ եկած է Երկիր մոլորակի 8 միլիառերորդ մարդը։
Աշխարհի ութմիլիառերորդ մարդը համարուող նորածին Արփին՝ Գեղարքունիքի մարզի Ծովինար գիւղի բնակիչներ Կարէն Զաքարեանի եւ Անի Քոչարեանի դուստրը, ծնած է 2 քիլոկրամ 900 գրամ կշիռքով, 49 սանթիմեթր հասակով, միանգամայն ունի առողջ վիճակ։
«Կը շնորհաւորեմ նորածինին ընտանիքը, փոքրիկ Արփիին կը մաղթեմ անհոգ ու երջանիկ մանկութիւն, լուսաւոր ապագայ, միշտ խաղաղութեան մէջ շնչող արարչագործ հայրենիք»,- Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան: