Կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Ապրիլ 12-ին կեանքէն հեռացաւ ազգային-պետական եւ հասարակական գործիչ, գործընկերներու շրջանակէն ներս բարձր գնահատուած ու յարգուած, սփիւռքահայութեան քաջածանօթ բարեկամ Ռոմէն Կոզմոյի Կոզմոյեան։
Կոզմոյեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պաշտօնաթող սպայ էր, գնդապետ, այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն, որոնք գիտեն իրենց գիտելիքները, դիրքն ու կապերը օգտագործել մարդկանց ու յատկապէս մտաւորականներուն օգնելու, հայրենիքի մէջ ներդրում ընելու ցանկութիւն ունեցողներուն գործը դիւրացնելու, ազգաշէն բոլոր նախաձեռնութիւնները քաջալերելու համար։
Այս եւ այլ յատկանիշներու շնորհիւ Ռոմէն Գոզմոյեան արդիւնաւէտ աշխատանք կատարած էր սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ թէ՛ Վարդգէս Համազասպեանի, թէ՛ Կառլէն Տալլաքեանի նախագահութեան տարիներուն եւ թէ՛ Պէյրութի սովետական դեսպանատան մէջ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն։
Կառլէն Տալլաքեանի բնորոշմամբ, ի տարբերութիւն կոմունիստ հայերէն, ան կը պատկանէր հայ կոմունիստներու խումբին…
Օժտուած էր բազմափորձ իր կեանքի տարբեր պահերը իմաստաւորելու, հանդիպած մարդկանց նկարագիրն ու գործունէութիւնը նուրբ ու բարեհոգի հիւմորով ներկայացնելու անուրանալի տաղանդով։
Ռոմէն Գոզմոյեան իրեն ճանչցողներու մտքին ու հոգւոյն մէջ կը մնայ որպէս բանիմաց, սրտցաւ, օգնելու միշտ պատրաստ անձնաւորութիւն, մնայուն բարեկամ եւ հաւատարիմ ընկեր։