ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Սուրիոյ 12 տարիներու պատերազմը աւերածութիւն տարածեց ամբողջ երկրին մէջ եւ յատկապէս Հալէպի նման առեւտրական ոստանին մէջ ուր սուրիահայերու մեծամասնութիւն մը կ’ապրէր ու կ’ապրի համախումբ:

Աւերիչ պատերազմին ընթացքին ծանրօրէն տուժած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը, որ մշակոյթի եւ ընկերային գործունէութեան վառ օճախ մըն էր: Թ.Մ.Մ.-ի շէնքը ամբողջութեամբ փլուզուած է:

Թ.Մ.Մ.-ի գործունէութիւնը փոխադրուած է ժամանակաւոր շէնքի մը մէջ, սպասելով աւելի բարենպաստ ժամանակներու, վերակառուցելու համար սեփական կեդրոնը:

Այդ սպասումին մէջ Միութիւնը – ամբողջ երկրին հետ – կ’ենթարկուի նոր հարուածի մը եւ նոր աւերածութեան: Արդէն երկիրը կ’ապրի տնտեսական ծանր տագնապ մը եւ երբեմնի Հալէպի բարեկեցիկ հայ համայնքն ալ կ’իյնայ կարիքի մէջ:

Թ.Մ.Մ.-ի ժամանակաւոր շէնքը բարեբախտաբար չէ ենթարկուած փլուզման, թէեւ պատճառած վնասները ծանր են: Սակայն, ամբողջ համայնքին նման Թ.Մ.Մ.-ի անդամները եւս մնացած են փողոցներու մէջ, վախնալով երկրաշարժային նոր ցնցումներէն:  Այս ցուրտ եղանակին պատսպարուելու, տաքնալու եւ սնուցանուելու միջոցները դարձած են անհասանելի:

Ի տես այս դժբախտ կացութեան, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակը ձեռնարկեց հանգանակութիւն մը գոյացնելով կոկիկ գումար մը, որ Թ.Մ.Մ.-ի կեդրոնին կողմէ աւելցուելով՝ 5000 ամերիկեան տոլար փոխանցուեցաւ Հալէպի Թ.Մ.Մ.-ի վարչութեան:

Թ.Մ.Մ.-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը արդէն կը շարունակէ հանգանակութիւնը Արցախի հայութեան համար: Ամէն անգամ որ գումարները հասնին 10,000 տոլարի սահմանին՝ կ’ուղարկուի Արցախի ընտանիքներուն: Արդէն կը պատրաստուի երրորդ առաքում մը կատարել:

Հակառակ Արցախի շարունակուող տագնապին Միութիւնը եւ համակիր շրջանակը հարկադրուած են նաեւ օգնութեան հասնելու Հալէպի մեր հարազատներուն:  Կարիքը մեծ է եւ ստիպուած ենք հանգանակութիւնը շարունակելու: Գանատայէն բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին օժանդակելու Հալէպի մեր վիրաւոր համայնքին կրնան իրենց նուէրները փոխանցել Թ.Մ.Մ.-ի Մոնթրէալի գրասենեակին հետեւեալ հասցէով.

 

Tekeyan Cultural Association

825 Rue Manoogian, St-Laurent, QC, H4N 1Z5

Tel: (514) 747-6680

https://www.convergepay.com/hosted-payments/?ssl_txn_auth_token=EUmoaFEKTnu8XKP%2B%2B%2BzQcQAAAXn7idjh#!/payment-method

 

Այդ բոլոր գումարները ամբողջութեամբ կը փոխանցուին Հալէպ, հոգալու համար անհրաժեշտ կարիքները: