ՄԱՀԱՑԱԾ Է ՄԻԽԱՅԻԼ ԿՈՐՊԱՉՈՎԸ

Երեքշաբթի՝ 30 Օգոստոս 2022-ին, 92 տարեկանին մահացած է Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան առաջին եւ միակ նախագահ՝ Միխայիլ Կորպաչովը։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած են Ռուսիոյ Կեդրոնական հիւանդանոցէն։

«Այսօր երեկոյեան ծանր եւ երկարատեւ հիւանդութենէն վերջ մահացաւ Միխայիլ Սերկեյեւիչ Կորպաչովը», յայտնած են Կեդրոնական հիւանդանոցէն։

Միխայիլ Կորպաչով 1990-1991 թուականներուն եղած է ԽՍՀՄ նախագահ։ Ան իր լիազօրութիւններէն դադրած է 25 Դեկտեմբեր 1991-ին։ Յաջորդ օրը Խորհրդային Միութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, յայտնած է «Քոմերսանթ»։