Այս տարուան Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն Արցախի մէջ ամուսնալուծութիւններու թիւը կազմած է 70, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 75-ի դիմաց: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱՀ արդարադատութեան նախարարութենէն։
Ամենաշատ ամուսնալուծութիւնները արձանագրուած են Ստեփանակերտի մէջ` 36, նախորդ տարուան 45-ի փոխարէն, իսկ շրջաններէն Մարտունիի մէջ` 9, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածի` 6-ի դիմաց:
Աղբիւրի փոխանցմամբ` ընթացիկ տարուան Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է 217 ամուսնութիւն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 231 -ի փոխարէն: