Աւարտին հասցուած են Շուշի քաղաքի Վերին Մզկիթի վերականգնման նախագծին աշխատանքները, որոնք կ՝իրականացուէին իրանցի մասնագէտներու կողմէն` ԼՂՀ տնտեսութեան տնտեսութեան նախարարութեան պատուէրով:
ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այդ առիթով Դեկտեմբեր 7-ին ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ պարսկական ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է աշխատանքներու յանձնման-ընդունման ակտ, ըստ որուն Շուշի քաղաքի Վերին Մզկիթի վերականգնման նախագծին փաստաթուղթերը ամբողջական տեսքով յանձնուած են ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան:
ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերգէյ Շահուերտեանի խօսքերով՝ Շուշիի Վերին Մզկիթի վերականգնումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան առումով, քանի որ ԼՂՀ տարածքին գտնուող ցանկացած պատմամշակութային յուշարձան, անկախ կրօնական կամ մշակութային պատկանելիութենէ, կը հանդիսանայ Արցախի ժողովուրդի պատմական սեփականութիւնը:
Պարսկական մզկիթի վերականգնման նախագծին աշխատանքները, ըստ արցախեան մասնագէտներու, կատարուած են լիարժէքօրէն եւ կը համապատասխանեն պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման բոլոր չափանիշներուն:
Ըստ Ս. Շահուերտեանի, մզկիթի վերականգնման նախագիծը կազմելուն համար, իրանական ընկերութեան ընտրութիւնը պատահական չէր` հաշուի առնելով մզկիթին կապը Իրանի մշակոյթի ու պատմութեան հետ:
Շուշիի Վերին Մզկիթի վերականգնման նախագիծը կազմուած է ՀՀ-ի մէջ գործող «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամին միջոցներով` ԼՂՀ կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ: