Թուրք լրագրող, սիւնակագիր, CNN-ի թրքական ծառայութեան համախմբագիրներէն ու Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ի նախկին աշխատակից Սերտար Քորուջուն Mylittleworldtour.com կայքին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերուն մասին պատմող իր յօդուածաշարքին մէջ անդրադարձած է հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր այցելութեան ու իբրեւ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի այնտեղ ունեցած զգացողութիւններուն, կը հաղորդէ “Թերթ․ամ”-ը:
«Ի՞նչ կը սպասէ ձեզի, երբ ներս մտնէք: Եկէք մենք չըսենք: Գացէք, դուք տեսնէք: Կարդացէք մարդկային պատմութիւնները, նայեցէք լուսանկարներուն մէջ գտնուողներուն աչքերուն, դէմքերուն: Ատկէ ետք բարձրացէք դէպի յուշակոթող: Պահ մը կտրուեցէք ամէն ինչէն։ Ձեր լսած, կարդացած եւ սորված ամէն ինչէն։ Միայն փորձեցէք դուք ձեզի զգալ կանգնած այն մարդոց դիմաց, որոնք ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ` իրենց իսկ հայրենիքին մէջ կոտորուած են, Սուրիոյ անապատները քշուելով` ոչնչացուած են միայն անոր համար, որ հայ էին: Պատկերացուցէք կիները, երեխաները, ծերերը: Պատկերացուցէք, որ անոնց յուշերուն մօտ եկած էք: Եւ մի մոռնաք, որ այդտեղ վառող կրակը ոչ միայն յուշակոթողի մէջտեղն է այլեւ հարազատ կորսնցուցած ամէն ընտանիքի սրտին մէջ կը վառի: Քանի մը մեխակ դրէք` բաւական է: Յամենայնդէպս, առաջին այցելութեան համար բաւարար է…», – գրած է Քորուջուն:
Իր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ Սերդարը նշած էր, որ եթէ մարդիկ կարենան յաղթահարել իրենց գլխուն եղած փոքրիկ «սահմանները»` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը այդքան ալ էական չէ:
«Շատ կը ներէք, կը հաւնիք, թէ ոչ, կը հաւատաք, թէ չէք հաւատար, կ՛իմանաք, թէ չէք իմանար` Հայոց ցեղասպանութիւնը այս երկրին մէջ վէրք մըն է», – գրած էր Քորուճուն իր պլոկին մէջ: