Շուէտ բնապահպանական աքթիւիստ Կրեթա Թունպըրկ յայտարարած է, որ պոյքոթի պիտի դիմէ եւ պիտի չի մեկնի պաքու՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային համաձայնագրի կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանին:
Իր ելոյթին մէջ Թունպըրկ քննադատած է COP29 համաժողովը պաքուի մէջ իրականացնելու ՄԱԿ-ի որոշումը՝ զայն որակելով «երեսպաշտութիւն»։
Ան յայտարարած է, որ ազրպէյճանը մենատիրական երկիր է, որ բռնաճնշումներ կ՝իրականացնէ սեփական քաղաքացիներուն հանդէպ, իսկ հայերուն հանդէպ՝ ցեղական զտումներ: Ան նաեւ նշած է, որ ազրպէյճանը մեծապէս կախուած է հանածոյ վառելիքէն, եւ այդ երկրի վարչակարգը ծրագրած է աւելի ընդլայնել հանածոյ վառելիքի արտադրութիւնը: