Լափշին Հայաստան ժամանելով. «Երեւա՛ն, դուն հրաշալի ես»

Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, էջատէր-լրագրող Ալեքսանդր Լափշին, որ Արցախ այցելելու համար Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած էր, առաջին անգամ այցելած է Հայաստան ազատ արձակուելէն եւ հայրենիք վերադառնալէն ետք: «Երեւան, դուն հրաշալի ես: Իսկ երեւանցիները հրաշալի մարդիկ են»,- իր էջին մէջ գրած է Լափշին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, նախապէս Լափշին յայտնած էր Երեւան ժամանելու եւ Ապրիլ 20-22 տեղի ունենալիք Tour Expo 2018 միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին մասնակցելու մտադրութեան մասին: Ան կատակած էր, որ Հայաստանի մէջ պիտի ներկայացնէ Ատրպէյճանի մէջ ունեցած իր «փորձառութիւնը»:

«Ես զբօսաշրջային ցուցահանդէսի մասնակցելու նպատակով կը մեկնիմ Երեւան: Պիտի ներկայացնեմ իմ հեղինակային ծրագիրը` «Լափշինի հետքերով` Պաքուի մէջ»: Ծրագիրը պիտի ներառէ թռիչք Մեհրիպան Ալիեւայի անձնական ինքնաթիռով, հանգիստ Քիւրտախանի բանտին մէջ` all inclusive, եւ Պաքուի ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարան: Պտոյտի արժէքը` պայմանագրային… կատակ է:

«Իրականութեան մէջ ցուցահանդէսին պիտի պատմեմ ճանապարհորդութիւններու մասին, հետաքրքրական պիտի ըլլայ, այցելէք»,- գրած է ան:

Լափշին ձերբակալուած էր 2016 թուականին Պելառուսիոյ մէջ` Ատրպէյճանի պահանջով։ Պաշտօնական Պաքուն զայն «Սեւ ցուցակ»-ի մէջ ներառած էր՝ առանց Ատրպէյճանի արտօնութեան: 2017 թուականի Սեպտեմբեր 11-ին Իլհամ Ալիեւը ներում շնորհեց Լափշինին: