Հայագիտութեան ամպիոն Սպանիոյ մէջ

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Մատրիտի Քոմբլութենս համալսարանի հետ համագործակցութեամբ, համալսարանի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան բաժինէն ներս հիմնուած է հայագիտութեան ամպիոն։

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը յայտնեց, որ Նոյեմբեր 21-ին դեսպան Սօս Աւետիսեանն ու Մատրիտի Քոմբլութենս համալսարանի ղեկավարի տեղակալ Խուան Գարլոս Տոատրիո Վիյարեխոն ստորագրած են յուշագիր «ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Մատրիտի Քոմբլութենս համալսարանի միջեւ հայագիտութեան յատուկ ամպիոնի ստեղծման մասին»:

Նշուած է, որ ամպիոնը ստեղծուած է Սպանիոյ մէջ Հայաստանի ճանաչողութեան բարձրացման, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքականութեան ուսումնասիրութեան, հայոց լեզուի տարածման եւ հայկական մշակոյթի հանրահռչակման նպատակով։