Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան Երկարամեայ Ազգային Բարերար` Գառնիկ Եագուպեան Ոչ եւս է

Խոր ցաւով կը գուժենք մահը սփիւռքահայ ծանօթ ազգային դէմք եւ հայրենիքի թէ սփիւռքահայ բազմաթիւ գաղութներու մէջ, յատկապէս Հ.Բ.Ը.Միութեան Գերագոյն մարմիններու անդամակցութեամբ եւ ազգային բարերարութիւններով քաջածանօթ Գառնիկ Եագուպեանին՝ որ տեղի ունեցած է Երեքշաբթի՝ 15 Մարտ 2022-ին, Հայաստանի մէջ:

Հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեան ըլլալով սուրիահայ, իր ազգային եւ բարեսիրական գործունէութիւնը սկսած է Սուրիոյ համայնքէն ներս: Աւելի վերջ սակայն երկար տարիներ ան  եղած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, նոյնպէս ան գլխաւոր բարերարներէն մէկը եղած է զօրավիգ կանգնելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եկեղեցաշէն ծրագիրներուն, որոնց շարքին յատկապէս պէտք է յիշել Սեւանայ լիճի ափին կառուցուած Վազգէնեան Աստուածաբանական ճեմարանը:

Հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեան Գանատահայ թէ լիբանանահայ գաղութներուն մէջ եւս ծանօթ է իր քաջալերական բարեսիրութիւններով յատկապէս Հ. Բ. Ը. Միութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ ներառեալ Անթիլիասի Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներուն կատարած իր ազգօգուտ օժանդակութիւններով:

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս տխուր առիթով, հանգուցեալի այրիին՝ Տիկին Անի Չաթալպաշեան-Եագուպեանին, ինչպէս նաեւ իր զաւակներուն՝ Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Գարին Կիրակոսեան, Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Պէլինտա Եագուպեան, Տէր եւ Տիկին Մհեր եւ Անիթա Թասլաքճեան եւ ինչպէս նաեւ իրենց ընտանեկան բազմանդամ աշխարհատարած բոլոր պարագաներուն:

 

ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբ

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթ

Մոնթրէալ