Ուշադրութիւնը մարզելու վարժութիւններ եւ խորհուրդներ

Եթէ շրջապատողները յաճախ կը բողոքեն ձեր անուշադրութենէն, ցրուածութենէն, հաւանաբար իսկապէս ունիք ուշադրութիւնը մարզելու կարիք… Կրնաք, բնականաբար, համակերպուիլ ատոր հետ, բայց նաեւ կրնաք հետեւիլ հոգեբաններու խորհուրդներուն եւ դաստիարակել ձեր մէջ ուշադրութիւն, կեդրոնացում, հետեւողականութիւն:

Ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու վարժութիւն. միացուցէք վայրկենաչափը եւ մէկ վայրկեանի ընթացքին՝ առանց դադարի՝ թուարկեցէք բոլոր իրերը, որ կը տեսնէք ձեր շուրջ: Ձեր նպատակն է սորվիլ նկատել 50 եւ աւելի իր:

Մարզեցէք համբերատարութիւնը։ Որպէսզի մարզէք համբերատարութիւնը, ըրէք աշխատանք մը, որմով պէտք է զբաղիք 40 վայրկեան: Բնականաբար ո՛չ հեռատեսիլ դիտելը։

Սորվեցէք կեդրոնանալ աղմկոտ միջավայրի մէջ։ Սորվեցէք աշխատանքով զբաղիլ հաճելի երաժշտութեան ներքոյ` չշեղելով հիմնական առաջադրանքէն: Ժամանակին հետ նաեւ ամենաուժեղ աղմուկն ալ չի խանգարեր ձեզ՝ կեդրոնանալու աշխատանքի վրայ: