Պերճ Սեդրակեան. «Ուժերը պէտք է միանան, այլ տարբերակ չկայ»

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեան 2 Դեկտեմբերին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որ նուիրուած էր ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակի հայաստանեան նախաձեռնութիւններու շաբաթի ազդարարման։ Ան յայտարարած է, որ՝ «այսօր առաւել քան երբեւէ Հայաստանը եւ Սփիւռքը ստիպուած են միասնական աշխատելու»:

«Գլոբալ աշխարհում մենք պէտք է միաւորուենք «Մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ» գաղափարի շուրջ, որ միասնաբար կարողանանք Հայաստանի տնտեսական վիճակը հզօրացնել»,- ըսած է Պերճ Սեդրակեան՝ աւելցնելով, որ եթէ Սփիւռքը թիկունք չկանգնի իր հայրենիքին, մեր ապագան վտանգուած պիտի ըլլայ:

Պատասխանելով «Մեդիամաքս»ի այն հարցումին, որ ի՛նչ է ՀԲԸՄ-ի արձագանգը «Գլոբալ հայերի ապագան այսօր է» բաց նամակին, որ հրապարակուած էր ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակի առիթով՝ Պերճ Սեդրակեան ըսած է. «Այդ նամակը ասում է նոյնը, ինչ մենք՝ հայերը պէտք է միանան գլոբալիզացիայի նպատակին: Մենք պէտք է մտածենք՝ որպէս մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, եւ մեր հիմնական ուժը կենտրոնացնենք հայրենիքի շուրջ: Կոչ ենք անում, որ ուժերը միանան, քանի որ ուրիշ տարբերակ չկայ: Երբ ամէն մէկը իր ձեւով է աշխատում, շատ հեռու չենք կարող գնալ»:

2016 թուականի Փետրուարին «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը եւ ՀԲԸՄ-ը ազդարարած էին նոր ձեւաչափի համագործակցութեան մասին: «Մեդիամաքս»-ի լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ ինչպիսի՞ գործնական քայլեր առնուած են այս ուղղութեամբ, իսկ ՀԲԸՄ-ի նախագահը ըսած է, որ տակաւին յստակ քայլեր չեն իրականացած։

«Քայլերը դեռ չենք կարողացել իրականացնել, քանի որ ծրագրերը մեծ են: Մեր համագործակցութեան բուն նպատակը բոլոր աշխատանքները մէկտեղելու մէկ ղեկավարութիւն ստեղծելն է, քանի որ առկայ խնդիրների վերաբերեալ ունենք նոյն մտածելակերպը եւ տեսլականը: Մեր աշխատանքներում արդիւնքի հասնելու համար խելացի կը լինի միասին գործել, որ կարողանանք մեր գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնենք եւ չկրկնուենք», նշած է Պերճ Սեդրակեան: