Սեւանայ Լիճին Կանաչելուն Վերաբերեալ

ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը պարզաբանում մը ներկայացուց Սեւանայ լիճի կանաչելուն վերաբերեալ, որուն մէջ նշեց, թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին այս խնդիրի լուծման ուղղութեամբ։

Ըստ նախարարութեան, լիճին մէջ ջրիմուռներու ծաղկումը հիմնականօրէն պայմանաւորուած է հետեւեալ գործօններով․

  • Որպէս սննդանիւթ ծառայող ֆոսֆորի եւ ազօթի միացութիւններու մեծ քանակութիւն։
  • Ջուրի բարձր ջերմաստիճան։
  • Լոյսի բաւական բարձր խտութիւն։

«Հիփոլիմնիումի շերտի կրճատման եւ բացակայութեան հետեւանքով յատակային շերտէն տեղի կ’ունենայ ֆոսֆորի խիտ անցում դէպի ջրաշերտ։ Սեւանայ լիճին մէջ ֆոսֆորի առկայութիւնը կը շարունակէ աճիլ, որովհետեւ լիճը ծանրաբեռնուած է մարդու գործունէութեան հետեւանքով առաջացած կեղտաջուրերու բերած կենսանիւթերով», – ըսուած է նախարարութեան պարզաբանութեան մէջ։

Նշուած է նաեւ որ կենցաղային չմաքրուած` ափամերձ հանգստեան գօտիներու կեղտաջուրերը կը թափին լիճին մէջ։ Հետեւաբար, կեղտաջուրերու հիմնական աղբիւրներն են՝ գիւղատնտեսութիւնը, անասնապահութիւնը, ջրածածկ բուսական տարածքները, ցանցավանդակային ձկնաբուծութիւնը, կոյուղատարին չմիացած հորերը։

Կոյուղաջուրերու կառավարման ուղղութեամբ նախատեսուած է իրականացնել Գաւառի մաքրման կայանի վերազինում, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի աւազանի Վարդենիկ եւ Ծովինար բնակավայրերու կեղտաջուրերու հեռացման ու համատեղ մաքրութեան համակարգի ստեղծում։

«Ներկայ պահին Սեւանայ լիճը կը գտնուի խիտ ծաղկման փուլի մէջ, որու հետեւանքով ֆոսֆատի կեդրոնացումը կը նուազի։ Յունիս ամսուան համեմատութեամբ Յուլիս 15-ին ֆոսֆաթ իյոնի կեդրոնացումը նուազած է մօտ 2 անգամ:  Կենսազանգուածի կողմէն ֆոսֆորի իւրացումը կ’ընթանայ եւ երբ ջուրին մէջ ֆոսֆորի կեդրոնացումը գրեթէ զէրոյի հաւասարի, գործընթացը կ’աւարտի։ Ըստ դիտարկումներուն, այս գործընթացը 2-3 շաբաթ կը տեւէ», – ըսուած է պարզաբանման մէջ։

Սեւանայ լիճի վերականգնման եւ որպէս անոր խաթարման հետեւանքներէն մէկուն՝ կապտականաչ ջրիմուռներու աշխուժացման հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուած են հետեւեալ միջոցառումները․

  • Լիճին մէջ արդիւնագործական որսի կարգաւորում։
  • Ձկնապաշարի համալրում։
  • Սեւանի ջրաւազանային կառավարման ծրագրի մշակում։
  • Սեւանայ լիճի ջուրի նորմերու հաստատում։
  • Լիճի ափին ապօրինի շէնք-շինութիւններու վերացում։
  • Ջրածածկ եւ ջրածածկման ենթակայ տարածքներուն մէջ անտառամաքրութեան աշխատանքներ։
  • Աղբահանութեան եւ աղբի տեղափոխման խնդիրի կարգաւորում։

«Յարգելի՜ քաղաքացիներ, մենք մեր քայլերով պէտք է հետեւողականօրէն հասնինք Սեւանայ լիճին համար սպառնալիք հանդիսացող մարդածին գործօններուն ու անոնց ածանցեալ բնական երեւոյթներու աստիճանական նուազումին ու ի սպառ բացառման։

Համատեղ ջանքերով վերականգնենք մեր ազգային հարստութեան՝ Սեւանայ լիճի համակարգը եւ այսուհետ երաշխաւորենք անոր անխաթարութիւնը՝ բոլորիս պատասխանատու եւ սրտացաւ վերաբերմունքի ներքոյ», – ըսուած է շրջակայութեան  նախարարութեան  պարզաբանման աւարտին։