Սփիւռքահայերը պիտի մասնակցին 2017-ի ազգային ժողովի ընտրութիւններուն` իբրեւ դիտորդ

2017-ի հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ` Սփիւռքի ներկայացուցիչները դիտորդական առաքելութիւն պիտի իրականացնեն: Այս մասին, Դեկտեմբեր 5-ին, «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան վերաբերեալ քննարկման ժամանակ, յայտնած է գանատահայ դերասանուհի եւ արտադրող Արսինէ Խանջեան: Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի յայտնի հայերուն կողմէ ստեղծուած «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան ստորագրահաւաքին արդէն իսկ հազարաւոր հայեր միացած են:

«Շատ համախոհ հայերու հետ ձեռնարկած ենք դիտորդական նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն է 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ Հայաստան բերել Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, թոյլ տալ մասնակցելու Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն, սեփական ներդրում ունենալ աւելի ժողովրդավարական, օրէնքի երկիր կառուցելու գործին»,- «Սփիւռքի եւ ՀՀ յայտնի հայերը` յանուն ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկ ընտրութիւններու. «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան յառաջիկայ քայլերը» թեմայով քննարկման ժամանակ՝ ըսած է Արսինէ Խանջեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

Խանջեան մանրամասնած է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ արդէն մի քանի կազմակերպուած խումբեր կ՛աշխատին նախաձեռնութեան իրականացման ուղղութեամբ, կը ստանան յայտեր ամբողջ աշխարհի սփիւռքահայերէ:

«Անոնց կը տրամադրուին անհրաժեշտ գիտելիքներ՝ Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութիւն իրականցելու համար, պիտի ըլլայ յստակ ծրագիր, որ պիտի համակարգէ անոնց գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ»,- տեղեկացուցած է բանախօսը:

Արսինէ Խանջեան նշած է, որ արդէն ժամանակն է, որպէսզի սփիւռքահայերը գործօն մասնակցութիւն ունենան հայաստանեան իրադարձութիւններուն, օգտագործեն Սփիւռքի մէջ ունեցած ներուժը, կապերը:

«Տարիէ տարի մտահոգիչ կը դառնան Հայաստանի մէջ արձանագրուած տնտեսական ցուցանիշները, քաղաքական անառողջ մթնոլորտը, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները, արդարադատութեան բացակայութիւնը, արտագաղթը: Այս ամէնը մեծ մտահոգութիւններ յառաջացուցած են նաեւ Սփիւռքի մէջ»,- ըսած է ան:

Քննարկման տեսակապի միջոցով մասնակցած է ամերիկահայ ռոք երաժիշտ, երգահան, աշխարհահռչակ System of a Down խումբի հիմնադիր եւ մենակատարը Սերժ Թանգեանը։