IDeA հիմնադրամի «Աջակցութիւն սիրիահայերին» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս մինչեւ այսօր Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է 37 սուրիահայ, կը յայտնէ «Մեդիամաքս»-ը:
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութեան Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն յայտնած է եւս 18 հոգի:
Հոկտեմբեր 15-ին IDeA հիմնադրամը յայտարարած էր սուրիահայերու աջակցութեան նպատակով $ 250 հազար յատկացնելու մասին։ Գումարը պիտի բաշխուի չորս գործընկեր-կազմակերպութիւններու միջեւ` հետեւեալ ուղղութիւններով ծրագիրներու մշակման եւ իրագործման համար`
– աջակցութիւն անոնց, որոնք կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ (ՀԲԸՄ);
– աջակցութիւն անոնց, որոնք ժամանակաւոր ապաստան կը փնտռեն Սուրիոյ սահմաններէն դուրս (Mission Armenia);
– աջակցութիւն անոնց, որոնք որոշած են տեղափոխուիլ Հայաստան («Հալէպ»);
– աջակցութիւն Հայաստանի մէջ համարկումի ու աշխատանք գտնելու հարցով («Repat Armenia»):
«Աջակցութիւն սիրիահայերին» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս սուրիահայերու կարիքներու գնահատման նպատակով «Առաքելութիւն Հայաստան» եւ Repat Armenia կազմակերպութիւնները կազմակերպած են քննարկումներ, մշակած ծրագիրներ, որոնց մեկնարկը պիտի տրուի 2017-ի Յունուարին:
IDeA-ի տրամադրած միջոցներով «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը 2017-ի Յունուարէն պիտի սկսի հոգալու Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու համար բնակարաններու վարձակալութեան ծախսերը:
Սուրիահայերուն աջակցելու IDeA հիմնադրամի կոչին միացած են տարբեր կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնց նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը կը կազմէ 10 միլիոն 784 հազար դրամ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան դրամական աջակցութիւն ցուցաբերել ՀԲԸՄ-ին, «Առաքելութիւն Հայաստան», «Հալէպ» եւ Repat Armenia կազմակերպութիւններուն, կրնան անոնց հաշուեհամարներուն վերաբերող տեղեկատուութիւնը գտնել այս յղումով:
Կացարանի կամ աշխատատեղի տրամադրման, դասընթացներու կազմակերպման եւ այլ առաջարկները կրնաք ուղղել sai@idea.am ել. նամակով կամ +374 (0) 60 700801 հեռախօսահամարով: