Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը իբրեւ թերթի խմբագիր եւ ան կրնայ նոյնիկս քննադատել վարչապետը

«Հակառակ անոր, որ ես հակուած էի հրաժարելու առաջին տիկնոջ կարգավիճակէն ու պարտականութիւններէն, այնուամենայնիւ կայ հասարակական պահանջ»,- «Ազատութիւն» պատկերասփիւռի ուղիղ եթերէն յայտարարեց «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը:

«Քանի որ կայ հասարակական պահանջ, ես հասկցայ, որ իրաւունք չունիմ հրաժարելու ատկէ, կ՝ենթադրեմ, որ ատիկա կը շարունակուի աւանդոյթի ուժով, աշխարհի մէջ եւս ընդունուած է, այն ինչ որ չի հասցներ ընել կառավարութեան կազմը, ինչ որ առանձին ոլորտներ կը մնան առաջին տիկնոջ վրայ»,- նշեց ան: Իսկ նախկին առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի նախաձեռնած բարեգործական ծրագիրներուն շարունակման վերաբերալ հարցումին պատասխանելով՝ Աննա Յակոբեան ընդգծեց, որ հիմա ինք պէտք է ուսումնասիրէ այդ բոլոր ծրագիրներն ու յառաջացած հարցերը:

Եթէ Նիկոլ Փաշինեան սխալ որոշում մը կայացնէ, ի՞նչ դիրքորոշում կրնայ ունենալ Աննա Յակոբեանը. այս հարցումին պատասխանելով, վարչապետի կինը յայտնեց, որ ինք կը քննադատէ Փաշինեանը՝ «Հայկական Ժամանակ» թերթին մէջ, ուր ինք պիտի շարունակէ պահել թերթի խմբագիրի պաշտօնը:

«Ես կը շարունակեմ ըլլալ թերթի խմբագիր, մեր թերթն ալ կը քննադատէ բոլորը, եթէ քննադատութեան հիմքեր տեսնէ, ներառեալ վարչապետը»,- յայտնեց Յակոբեան:

Ան նաեւ հաւաստիացուց, որ թերթը բաց պիտի ըլլայ բոլորին համար՝ անկախ այն իրողութենէն, թէ որ քաղաքական ուժին կը պատկանին, նախապէս իշխանութեան մաս կազմած են, թէ՝ ո՛չ:

Աննա Յակոբեան, խօսելով երգիչ Յարութ Փամբուքճեանի՝ Ձախ Յարութին հետ կապուած Լոս Անճելըսի մէջ պատահած վերջին միջադէպին մասին՝ յորդորեց շատ աւելի հանդուրժող ըլլալ:

«Մեր հանրութեան որոշ խումբեր այնքան դիւրին կը բարձրացնեն ու կ՝իջեցնեն մարդը: Հիմնուելով դրուագի մը վրայ՝ պէտք չէ մարդը բարձրացնել կամ իջեցնել: Հասկնալի է, որ մարդոց մօտ շատ հաւաքուած է բացասական ուժը, բայց պէտք է ձերբազատիլ այդ բացասական ուժէն»,- նշեց  Յակոբեան: