Նորուէկիոյ Ֆորտէ քաղաքին մէջ կը շարունակուի ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութիւնը:
Մինչեւ 77 քկ քաշային կարգի մէջ գերազանց հանդէս եկած են Անդրանիկ Կարապետեանն ու Տիգրան Մարտիրոսեանը:
Պոկում վարժութեան մէջ աւելի զօրաւոր գտնուած է Կարապետեանը, որ 170 քկ արդիւնքով նուաճած է փոքր ոսկէ մետալ: Մարտիրոսեանը անկէ ետ մնացած է 10 քկ-ով ու յայտնուած երկրորդ տեղը:
Հրում վարժութեան մէջ յաջող հանդէս եկած է դարձեալ Կարապետեանը, որ իրեն ենթարկած է 197 քկ կշռող ծանրաձողը: Մարտիրոսեանը 192 քկ արդիւնքով՝ հրում վարժութեան մէջ երկրորդն է:
Այսպիսով, երկամարտի 367 քկ արդիւնքով՝ Անդրանիկ Կարապետեանը առաջին անգամ հռչակուած է Եւրոպայի ախոյեան: Մարտիրոսեանը 352 քկ արդիւնքով նուաճած է արծաթէ մետալ: