Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան՝ Հայաստանի հաւաքականի երկրորդ ոսկէ մետալը նուաճած է Արէն Իսրայէլեան, որ 71 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ 12։1 հաշուով յաղթած է ռուսաստանցի Տուխաեւը։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀԸՖ-ի մամուլի ծառայութենէն։
Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը ԵԱ-ի խմբային հաշուարկով յայտնուած է երկրորդ տեղը։ Առաջին՝ Ռուսիոյ խումբը։
Յիշեցնենք, որ 55 քկ քաշային կարգով ոսկէ մետալ նուաճած էր Անդրանիկ Աւետիսեան։
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն պրոնզէ մետալակիր դարձած են Սարգիս Բեգոյեան (48 քկ), Անուշաւան Բարսեղեան (65 քկ) եւ Նարեկ Գրիգորեան (80 քկ)։