Արման Ծառուկեան իր յաղթանակը հայկական եռագոյնով տօնեց

Վերջերս, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու` «U.F.C.257»ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, յաղթանակ արձանագրեց Արման Ծառուկեան:

Ռուսահայ մարտիկը, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Մեթ Ֆրեվոլայի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-26 արդիւնքով: Ան յաղթանակը հայկական եռագոյնով տօնեց:

Ծառուկեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզի 16-րդ յաղթանակը արձանագրեց՝ ցարդ կրած է միայն 2 պարտութիւն: