Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան, 2 վայրկեան եւ 16 երկվայրկեանի ընթացքին տիրացաւ պրոնզ մետալի:
61 քկ դասակարգին մէջ իր մղած պայքարին, 2019-ի Եւրոպայի ախոյեանը մրցեցաւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Ռանտիվեր Ռանտիվերին դէմ եւ առաջին իսկ ռաունտին 10-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` անոր ոչ մէկ կարելիութիւն տալով:
Նշենք, որ Յարութիւնեան իր ելոյթներուն սկսաւ 1-16-րդ հանգրուանէն ուր 18-10 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանի ներկայացուցիչ, մինչեւ 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան Ատլան Ասքարովին: