2022-Փեքինի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ գեղասահքի պարային զոյգը երկու ծրագրերու արդիւնքով 18-րդն է: Զոյգը ազատ ծրագրին մէջ ստացաւ 101․16 միաւոր, որ 16-րդ արդիւնքն էր 20 մասնակիցներու մէջ, իսկ կարճ եւ ազատ ծրագրերուն մէջ ընդհանուր հաւաքեց 167․03 միաւոր եւ գրաւեց 18-րդ տեղը:
Ոսկէ մետալակիր դարձաւ Ֆրանսայէն Գաբրիէլ Փափատաքիս-Կիյոմ Սիզերոն զոյգը: Երկրորդ տեղն է Ռուսաստանի Ողիմպիական Կոմիտէի խումբէն Վիքթորիա Սինիցինա-Նիքիթա Կացալապով զոյգը, երրորդը ԱՄՆ-էն Մատիսըն Հապըլ-Զաքարի Տոնոհու զոյգն է: