Ըմբշամարտիկ Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան

Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի, Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Ողիմպիական ախոյեանը պիտի աջակցի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին՝ խրախուսելով երեխաներու առողջ ապրելու եւ սնուցման իրաւունքը` առաջնահերթութիւն տալով առաւել խոցելի երեխաներուն: «Ինծի համար մեծ պատիւ է դառնալ բարի կամքի դեսպան: Առաջարկը անմիջապէս ընդունեցի, քանի որ կապուած է երեխաներու ապագային հետ»,- ըսած է Ալեքսանեան: Գիւմրեցի մարզիկը փաստեց, որ ըստ վիճակագրութեան մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու 14 տոկոսը բնականէն աւելի շատ կշիռ ունի, իսկ 9 տոկոսը թերսնուած է: «Իւրաքանչիւր երեխայ իր երազանքներուն ու նպատակներուն հասնելու համար նախ պէտք է առողջ ըլլայ` առողջ սնուելով»,-շեշտած է ան:

Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Տանիա Ռատոչայ իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ողիմպիական ախոյեանին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մեծ ընտանիքին միանալու համար եւ վստահեցուց, որ Ալեքսանեանի օգնութեան միջոցով Հայաստանի մէջ աւելի մեծ արդիւնքներու պիտի հասնին:

Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական «Ռոմա»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան: