Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ) դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկիէ մետալակիր:
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն, 89 քիլոկրամ կարգի մրցումներուն, Կարապետեան պոկումի վարժութեան ժամանակ բարձրացուց 175 քկ եւ նուաճեց ոսկիէ մետալ, սակայն հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը: