Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու խումբի անդամ Յակոբ Մկրտչեան դարձաւ Եւրոպայի Մ23 տարեկաններու ախոյեան:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Պուխարեսթի մէջ տեղի ունեցող ախոյանութեան 89 քկ․ դասակարգին մէջ Մկրտչեան պոկեց 165 քկ․ եւ հրեց 210 քկ, որ ցուցանիշ էր: Երկամարտ 375 քկ․ արդիւնքով գիւմրեցի ծանրորդը դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան:
Նոյն դասակարգին մէջ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Դաւիթ Յովհաննիսեան երկամարտի 357 քկ․ արդիւնքով դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: